ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ նախարարի օգնական Քարէն Տոնֆրիտի հետ: Այս մասին տեղեկացուց նախարարութեան խօսնակ Նետ Փրայս հերթական ճեպազրոյցին ընթացքին ժամ:
Փրայս դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ անոր մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութիւնը քննարկումի նիւթ եղած են՝ նշելով, որ եւրոպացիները եւ Ուաշինկթըն այս հարցին վերաբերող որոշ ջանքեր կը գործադրեն: Ըստ անոր՝ մօտիկ ապագային ամերիկեան եւ եւրոպական կողմերուն միջեւ կը նախատեսուին այլ հանդիպումներ: