Ուրբաթ, 16 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան կանուխ ժամերէն Լիբանանի տարբեր շրջաններէն, յատկապէս Պէյրութէն, արուեստասէրներ եւ Ազնաւուրասէր լիբանանցիներ ողողեցին Պէյրութի Յիսուսեան հայրերու Սեն Ժոզեֆ եկեղեցին ունկնդրելու «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» երաժշտական բարձրորակ յայտագիրը, կատարողութեամբ Լիբանանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին, ղեկավարութեամբ Մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի:
Այս աննախընթաց ելոյթին իրենց տպաւորիչ մասնակցութիւնը բերին յատկապէս Հայաստանէն ժամանած թենոր Հայկ Պետրոսեան եւ հանրայայտ դաշնակահար Կարէն Անանեան: Նաեւ մասնակցեցան թենոր Էլիա Ֆրանսիս եւ սոփրանօ Քորին Մեթնի:
Տեղին է մատնանշել, որ հայրենի արուեստագէտ Հայկ Պետրոսեանի Ազնաւուրի երգերու բարձրորակ կատարումները արժանացան ժողովուրդին որոտընդոստ ծափահարութիւններուն:
Այս երեկոն կազմակերպուած էր Լիբանանի պետական երաժշտանոցին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ: «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» ձօն-երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: