Ինչպէս ծանօթ է, Կիրակի, 24 Փետրուարին, Լոս Անճելըսի «Տոլպի» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսքար»ներու 85-րդ մրցանակաբաշխութիւնը: Տարուան լաւագոյն բեմադրիչ հռչակուեցաւ Անկ Լի, լաւագոյն ժապաւէն՝ Պէն Աֆլէքի «Արկօ»ն, լաւագոյն դերասաններ՝ Ճենիֆըր Լոուրընս եւ Տենիըլ Տէյ Լուիս, իսկ լաւագոյն օտար ֆիլմ՝ «Ամոր»ը (Աւստրիա)։
«Օսքար»ի արժանացաւ նաեւ Քեթրին Սարաֆեանի արտադրած «Պրէյվ» ժապաւէնը (կենդանի գծանկար): Սարաֆեանի «Պրէյվ»ը «Կոլտըն Կլոպ» մը խլած էր նախապէս: