«Ազդակ»-ի 53-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ քեմալական պայքարի գաղափարաբանական հէնքը, իսկ դասախօսը` ակադեմիկոս, թրքագէտ փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը դիտել տուաւ, որ պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ վերնախաւի գործելաոճը քեմալական շրջանին, ինչ որ այժմէական նշանակութիւն ունի` ճիշդ ընկալելու համար Հայաստանի նկատմամբ Անգարայի կիրարկած քաղաքականութիւնը:
Փրոֆ. Սաֆրաստեան խօսեցաւ Քեմալի թուրք հասարակութեան ունեցած ընկալումներուն մասին` նշելով, որ այսօրուան նախագահը փորձած է չէզոքացնել այդ կերպարի նկատմամբ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր վերաբերումը:
Ակադեմիկոսը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ճիշդ կերպարին մասին իրազեկուիլը, հերոսացման միտումները եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ այդ բոլորին մասին լոյս սփռող իրականութիւնները, ինչպէս` Թուրքիոյ գլխաւոր սպայակոյտի փաստաթուղթեր, Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած զանազան նիւթեր, անգլիացի հետախոյզի յուշեր եւ նման արխիւային բնոյթի հրատարակութիւններ եւ արխիւներ: Ապա հաստատեց, որ իր նպատակը եղած է, ըստ հնարաւորութեան, փաստարկուած փորձել հասկնալ Քեմալի մտածելակերպն ու գործելաոճը: Մուտրոսի զինադադարին մասին խօսելով` փրոֆ. Սաֆրաստեան խօսեցաւ ռազմական ամենաբարձր պաշտօն ստանալու հանգամանքներուն մասին:
Սաֆրաստեան խօսեցաւ նաեւ Ա. հանրապետութեան շրջանին Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշումներուն եւ առած քայլերուն մանրամասնութիւններուն մասին, բոլորը հիմնուած` պատմագիտական տուեալներու եւ նիւթերու վրայ: Յատուկ կարեւորութեամբ Լենին-Քեմալ յարաբերութիւններու հանգրուաններուն վրայ կեդրոնացաւ յատկապէս Ռուսիոյ կատարած օժանդակութիւններուն: Բացի զէնքէն` կատարուած է նաեւ ֆինանսական օժանդակութիւն բանակին: Այդ շրջանի փաստաթուղթերուն վրայ հիմնուելով` փրոֆ. Սաֆրաստեան յայտնեց, որ պաշտօնական Անգարայի որոշումը եղած է թուրանական ծրագիրներու իրականացման համար Հայաստանի վերացումը: Ասիկա կազմած է քեմալականութեան գաղափարաբանութեան հէնքը` Հայաստանի նկատմամբ:
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ քննարկում, որուն ընթացքին արծարծուեցան այժմէական, հրատապ խնդիրներ` Արցախի հարցին, 44-օրեայ պատերազմին, Հարաւային Կովկասին եւ այս բոլորին մէջ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններու ելեւէջներուն վերաբերեալ:
Փրոֆ. Սաֆրաստեան ընդգծեց, որ «Ազդակ»-ը վաստակած է հայկական հարցերուն շուրջ համախմբուած մասնագիտական լսարան:
Դասախօսութիւն-քննարկումի ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին եւ «Ազդակ»-ի «Եութիուպ»-ի համապատասխան ալիքին վրայ https://www.youtube.com/watch?v=oXbO-ecYHqQ