Ապարանցի տղան կը հարցնէ հօրը.
– Հայրի՛կ, ճի՞շդ է, որ կենդանիներուն աչքերը գիշերները կը փայլին:
– ճիշդ է, տղա՛ս։
– Հայրի՛կ, օրինակ, ո՞ր կենդանիներունը:
–Ի՞նչ գիտնամ, տղա՛ս , շունին, կատուին, գայլին, բորենիին և այլն։
–Հայրի՛կ, Էշերուն աչքքերն ալ կը փայլի՞ն գիշերները:
–Ծօ՛, տղա՛ս, եթէ էշերուն աչքերը փայլէին, Ապարանը Լաս-Վեկաս կ’ըլլար։
———–
Բժիշկը ապարանցի հիևանդը քննելէ ետք կըսէ։
– Բարեկա՛մ, դուն սրտի հարց ունիս, և լաւ կ’ըլլայ, որ օրական գոնէ ժամ մը քալես։
– Յարգելի՛ բժիշկ, գործէս առա՞ջ քալեմ, թէ՞ գործէս երք:
Բժիշկը կը հարցնէ.
– Ինչ գործ կ’ընես օրուան մէջ:
– Նամակաբաշխ եմ, բժի՛շկ ջան։
—————————
Բժիշկը կը թելադրէ ապարանցիին 20 անգամ օճառով շփել ձեռքերը՝ պսակաձեւ ժահրը սպաննելու համար: Իսկ ապարանցին 19 անգամ կը շփէ:
–Ինչո՞ւ 20 անգամ չշփեցիր,– կը հարցնէ բժիշկը:
–Չեմ ուզեր սպաննել, կ’ուզեմ չարչարել զինքը:
————————–
Ապարանցին կամաց-կամաց այն աստիճան կը կապուի նորածին առջինեկ թոռնիկին, որ խոր ափսոսանքով կ’ըսէ կնոջը.
–Ա՜յ կնիկ, այսքան տարի է գիտնայինք, որ թոռնիկ ըսուածը այսքան համով բան է, նախ թոռնիկ կը բերէինք, յետոյ … զաւակ: