Կարգ մը հարցասէր ընթերցողներ, հիմնուելով վերջին «Կիրակնօրեայ ընթերցումներ»-ին վրայ, հարց տուած են, թէ՝
–Ինչո՞ւ Շապուհ արքան մեծ հիացում ունէր Մուշեղ Մամիկոնեանի հանդէպ,
–Ինչո՞վ սխալ է «սեղմիրան» բառին կառոյցը:
Ստորեւ կը պատասխանեմ առաջին հարցումին:
* *
*
Շապուհ արքան,_ որ ծանօթ է նաեւ «երկարակեաց» մակդիրով,– քանի ան իշխեց 70 տարի,_ երեսուն տարի շարունակ պատերազմեցաւ հայոց Արշակ Բ. թագաւորին դէմ (Դ. դարու բ. կէսին)՝ առանց շօշափելի յաղթանակ մը տանելու: Ի վերջոյ ան ձանձրացաւ այս անիմաստ պայքարէն եւ որոշեց սիրաշահիլ Արշակը, հաշտուիլ անոր հետ եւ զայն դարձնել իր զինակիցը, ինչպէս միշտ եղած են հայ ու պարսիկ արքաները: Եւ առ այդ իր քովը հրաւիրեց զայն:
Արշակ ինք եւս յոգնած ու ձանձրացած էր այս անվերջանալի պատերազմներէն եւ կը փափաքէր խաղաղ ապրիլ, սակայն կը տատամսէր Տիզբոն երթալու, մինչեւ որ խորհրդականները յորդորեցին զինք երթալու:
Ու գնաց՝ հետը տանելով Վասակ Մամիկոնեանը, հայոց բանակի սպարապետը, որ բուն հերոսն էր անցնող տարիներու պատերազմներուն:
Շապուհ շատ սիրալիր ընդունելութիւն մը ըրաւ Արշակին, իր զաւակը կոչեց զայն եւ յօժարեցաւ վերականգնել հայոց արքային դիրքը իր արքունիքին մէջ՝ բազմեցնելով զայն իր անմիջական աջին, ուր կը գտնուէր բարեկամներու տրամադրուած բարձերուն առաջինը:
Սակայն Շապուհի միտքը հանգիստ չէր. Արշակ հաւատարիմ պիտի մնա՞ր իրենց բարեկամութեան, անգամ մը որ Հայաստան վերադառնար: Անոր խորհրդականները թելադրեցին Հայաստանէն հող եւ ջուր բերել եւ շաղ տալ արքայական տաղաւարին գետինը ու անոր վրայ փորձել Արշակի հաւատարմութիւնը:
Շապուհ այդպէս ալ ըրաւ:
Ապա Արշակին հետ մեկուսացաւ իր տաղաւարին մէջ, ուր անոնք զրուցելով կը ճեմէին մերթ պարսկական հողին վրայ, մերթ հայկական հողին ու ջուրին վրայ:
Շապուհ Արշակը տարաւ նախ պարսկական հողին վրայ, ուր հայոց արքան սկսաւ խոր զղջումի արտայայտութիւններ ունենանլ իր ըմբոստ ընթացքին համար, հազար ներողութիւն խնդրեց Շապուհէն, կորաքամակ համբուրեց անոր ձեռքերը, արցունքներովը լուաց զանոնք եւ յաւիտենական հաւատարմութիւն խոստացաւ պարսկական գահին:
Ապա Շապուհ տարաւ Արշակը հայկական հողին վրայ, ուր ան յանկարծ այլակերպեցաւ. փոխուեցան անոր ձայնը, դէմքին արտայայտութիւնը, նայուածքն ու շարժումները: Եւ Արշակ սկսաւ յոխորտալ ու սպառնալ Շապուհին դէմ եւ հաշիւ պահանջել անոր գործած չարիքներուն եւ հասցուցած վնասներուն ի հատուցում՝ քայքայում ու կործանում խոստանալով Սասանեան գահին, որ պատճառ դարձած էր Արշակունիներու ոչնչացման Պարսկաստանի մէջ…
* *
*
Շապուհ եւ խորհրդականները այս բոլորէն եզրակացուցին, որ եթէ Արշակ Հայաստան վերադառնայ, պիտի վերսկսի նոյն մոլուցքով ու վրէժխնդրութեամբ շարունակել իր պայքարը պարսկական գահին դէմ: Ուստի, ան շղթայակապ արգելափակեց Արշակը Անյուշ բերդին մէջ, ուր մտնողը այլեւս լոյսը չէր տեսներ, իսկ Վասակը մորթազերծ ընել տուաւ, յարդով լեցուց անոր մարմինը եւ զայն կախեց Արշակի դիմաց՝ առաւելագոյնս մորմոքելու համար անոր սիրտը:
Այս նենգութենէն ետք Շապուհ իր բանակներով ազատօրէն մտաւ Հայաստան՝ աւարի ու աւերի մատնելով զայն եւ առաթուր կոտորելով անոր բնակչութիւնը, որ անտէր մնացած էր: Արշակի կինը՝ Փառանձեմ թագուհին, 11 հազար զինուորներով ու երկու նաժիշտներովը ամրացաւ Ադրտագերս բերդին մէջ, ուր մօտաւորապէս ամբողջ տարի մը դիմադրեց Շապուհի ամէնօրեայ գրոհներուն: Սակայն համաճարակ մը ակսաւ կոտորել բերդին պաշտպանները, որոնք սկսան մեռնիլ հարիւրներով ու հազարներով:
Ողջ մնաց միայն գեղեցիկ Փառանձեմը՝ իր երկու նաժիշտներով:
Ան ստիպուած անձնատուր եղաւ:
Շապուհ Պարսկաստան տարաւ թագուհին, մինչ իր զինուորները երկու շաբաթ տիւ եւ գիշեր պարպեցին Արտագերսի գանձերը ու աւար տարին զանոնք:
Որմէ ետք Շապուհ սարքեց հրապարակային տօնախմբութիւն մը, որուն ընթացքին հրապարակաւ պղծեց Փառանձեմը, ապա զայն յանձնեց իր զինուորներու քմահաճոյքին եւ ի վերջոյ ցցամահ ընել տուաւ զայն:
* *
*
Արշակ ունէր 16-ամեայ զաւակ մը՝ Պապը, որ պատանդ տարուած էր Բիւզանդիոն, իսկ Վասակ ունէր զաւակ մը՝ Մուշեղ Մամիկոնեանը, որ յաջորդեց իրեն: Մուշեղ ի մի հաւաքեց հայ ցիրուցան ուժերը, մեծ պատուիրակութեամբ մը գնաց Բիւզանդիոն եւ խնդրեց, որ վերադարձնեն Պապը՝ յաջորդելու համար հօրը եւ օգնեն հայոց բանակին, որպէսզի ազատագրէ Հայաստանը:
Բիւզանդացի արքան ի կատար ածեց Մուշեղի այս խնդրանքները եւ Պապը ուղարկեց Հայաստան՝ կարեւոր բանակ մը յանձնելով անոր, ինչպէս նաեւ վարժ զօրավարներ ու խորհրդականներ:
Մուշեղ յաջողեցաւ կարճ ժամանակի մը մէջ վերականգնել Հայաստանի կացութիւնը, կոտորել պարսիկ անհամար զօրքերը՝ «մինչեւ վերջին մարդը», գլխակորոյս փախուստի մատնելով Շապուհը:
Մուշեղ գերի բռնեց 600 պարսիկ ազնուականներ, որոնց բոլորը մորթազերծ ընել տուաւ ու անոնց խամաճիկները ղրկեց Պարսկաստան: Ան գերի բռնեց նաեւ Շապուհի կանանոցը, որուն հանդէպ վարուեցաւ մեծագոյն յարգանքով. շքեղ ժանուարներու մէջ բազմեցուց կիները եւ նմանապէս ղրկեց Շապուհին:
Շապուհ, որ շատ բնական գտած էր իր ազնուականներուն պատահածը, ափ ի բերան մնաց՝ անվթար ստանալով իր կանանոցը, իմա՝ հարեմը: Եւ ճիշդ Մուշեղի այս քայլին դիմաց էր, որ ան իր գինիի բաժակին վրայ փորագրել տուաւ անոր կերպարը՝ սպիտակ ձիուն վրայ նստած: Յորմէ հետէ ամէն անգամ որ գինի պիտի խմէր, կը բարձրացնէր բաժակը եւ զայն բերանը տանելէ առաջ կը կրկնէր.
– Ճերմակաձին գինի արբցէ[1]:
==================
[1] . Պատմութիւնս աւանդուած է Ե. դարու պատմիչ Փաւստոս Բուզանդի կողմէ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1] Պատմութիւնս աւանդուած է Ե. դարու պատմիչ Փաւստոս Բուզանդի կողմէ: