Քրտամէտ Ժողովրդավար ընկերութեան համախմբումի փոխնախագահ, Մարտինէն անկախ երեսփոխան Ահմէտ Թիւրք, սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանեց քրտական հարցին, ինչպէս նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Երկարատեւ այս հարցազրոյցին ընթացքին, Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթին շուրջ ուղղուած հարցումներուն իբրեւ պատասխան՝ Ահմէտ Թիւրք յայտնեց, որ քիւրտ ժողովուրդը 1915-ին հայերու, ասորիներու եւ եզիտիներու դէմ գործադրուած չարչարանքի եւ սպանութեան քաղաքականութեան մէջ մեծ բաժին ունեցած է, եւ ինք, իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի մէկ անդամ, իր ժողովուրդին անունով ներողութիւն կը խնդրէ հայ ժողովուրդէն։
Թիւրք նաեւ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանին կոչ ըրաւ եւ պահանջեց, որ Թուրքիոյ պետութիւնը եւս ընդունի պատմական սոյն իրողութիւնները։
Ստորեւ՝ հարցազրոյցին այն մասը, որ կ՛առնչուի Հայկական Ցեղասպանութեան.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- 2015-ը կը մօտենայ եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակը օրակարգի պիտի գայ։ Ասիկա Թուրքիան հետաքրքրող կարեւոր նիւթ մըն է։ Անցեալ օր, խորհրդարանին մէջ, Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ իսկ ներկայիս Ազգայնական Շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, խօսքը ձեզի ուղղելով՝ ըսաւ. «Հայկական Հարցին մէջ բուն յանցաւորը դո՛ւք էք»։ Գիտենք, թէ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը, խաղաղութեան հաստատման ի նպաստ՝ իր ամբողջ աշխատանքը պարզաբանելու պարտաւորութեան տակ է։ Քիւրտ ժողովուրդը Հայկական Հարցին եւ 1915-ին ինչպէ՞ս կը նայի։ Այս մասին պատրաստութիւն մը ունի՞ք։
ԹԻՒՐՔ.- 1915-ին հայ ժողովուրդը շատ մեծ տառապանքներ ապրեցաւ։ Քիւրտերն ալ բաժին ունեցան այդ տառապանքը պատճառելուն մէջ։ Քիւրտերը գործածուեցան։ Կը տեսնե՛նք այդ իրողութիւնը։ Երբ պատմութեան կը հետեւինք, գիտենք, թէ կարգ մը վայրերու մէջ ալ Դաշնակ անուամբ կազմակերպութիւնը քիւրտերէն ոմանց վրայ յարձակում գործած է։ Բայց մենք ատիկա նկատի չենք առներ երբե՛ք։ Կարեւորն այն է, որ այստեղ ժողովուրդ մը անիրաւութեանց ենթարկուեցաւ։ Հայերու, ասորիներու, եզիտիներու դէմ գործադրուածներուն համար գործածուեցան մեր մեծ հայրերն ու հայրերը։ Անոնք այս ժողովուրդներուն դէմ անիրաւութիւններ եւ բռնարարքներ գործադրեցին։ Անոնց ձեռքերը արիւնոտ են։ Այս ժողովուրդներու արիւնով մեր նախահայրերուն ձեռքերը արիւնոտած են։ Ուստի, մենք, որպէս անոնց զաւակներն ու թոռները՝ ներողութիւն կը խնդրենք։ Հիմա վիճաբանութեան նիւթ չենք դարձներ, թէ ո՞վ՝ ի՞նչ ըրած է։ Կարեւորն այն է, որ ներողութի՛ւն խնդրել պէտք է։ Մենք որպէս քիւրտեր, կ՛ըսենք, որ մենք ըրի՛նք այդ չարագործութիւնը, բայց ըրինք մեր կամքէն անկախ։ Մենք գիտենք այդ իրողութիւնները, եւ որովհետեւ գիտենք, ատկէ մեծ տառապանք եւ ցաւ կը զգանք եւ մեր այդ ցաւը կրնանք շատ անկեղծօրէն եւ հանգիստ ձեւով արտայայտել։ Ուստի Թուրքիոյ կառավարութիւնն ալ, փոխանակ ուրացումի, մեծահոգի այդ վարուելակերպը պէտք է ցոյց տայ եւ պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայ, ասորի եւ եզիտի ժողովուրդներէն։ Ըստ իս՝ այստեղ հետեւողական, կաղապարեալ մտածելակերպի մը հակադարձ եւ հիմնական փոփոխութեան կարիքը կայ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըսել կ՛ուզէք, որ այս երկիրին մէջ քրիստոնեայ հաւաքականութիւններու կամ այլ ժողովուրդներու դէմ խտրականական քաղաքականութիւն մը կը գործադրուի։
ԹԻՒՐՔ.- Կարգ մը նիւթերու մասին պէտք է խօսիլ սրտաբացութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։ Քիւրտերն ու թուրքերը տարբերութիւններ ունին իրարմէ։ Երկու անջատ ժողովուրդներ են։ Թուրքիոյ տարածքին քիւրտերը այսօր բնակչութեան թիւի մէկ-երրորդը կը կազմեն։ Ունին լեզու մը, ինքնութիւն մը։ Ուստի, ի՛նչ իրաւունք, զոր ունին թուրքերը, նոյն իրաւունքը պէտք է ունենան նաեւ քիւրտերը։ Որպէս արդիւնք, օրինակ, եթէ հայ ժողովուրդը վայրի մը մէջ խիտ բնակութիւն ունի եւ այդ վայրին մէջ վարժարանի մը կարիքն ունի, պէտք է տրուի անոր այդ իրաւունքը։ Այս կարգին նաեւ՝ բոլոր ժողովուրդներուն՝ չեչեններուն, վրացիներուն, աբխազներուն։ Քիւրտերն ալ, եթէ քրտաբնակ տարածքներու մէջ հաստատուած են եւ այդպիսի կարիք մը ունին, անո՛նց եւս պէտք է տրուի հաւասար իրաւունքներ, եթէ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունի երկրին մէջ։ Քիւրտ ժողովուրդը, իր մեծաթիւ ներկայութեամբ, չորս հազար տարիէ ի վեր այս երկիրը կ՛ապրի։ Հայերն ալ կ՛ապրէին, բայց դժբախտաբար անոնք բնաջնջուեցան։ Քիւրտերը կը պահպանեն տակաւին իրենց ներկայութիւնը։ Միւս կողմէ, հարց պէտք է տալ, որ եթէ քիւրտերը իսլամ չըլլային, բնաջնջումի վտանգի մը հետ դէմ առ դէմ պիտի չըլլայի՞ն։ Պիտի ըլլայի՛ն անտարակոյս։ Թուրքերն ու քիւրտերը գիրկընդխառնող ազդակը իսլամութիւնն է։
Միւս կողմէ, թրքական «Ո՛չ ըսենք ցեղապաշտութեան եւ ազգայնամոլութեան» շարժումի կայքի գլխաւոր էջին վրայ լոյս տեսած է հրեայ-թուրք մեծ գործարար, «Ալարքօ» ընկերութեան սեփականատէր Իցհաք Ալաթոնի կողմէ Թուրքիոյ տնտեսական եւ ընկերային հետազօտութիւններու հիմնադրամին (TESEV) ուղարկուած նամակը, որուն մէջ Ալաթոն կոչ կ՛ընէ ջանքեր գործադրելու, որպէսզի Թուրքիան ընդունի Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ նախքան 2015:
«Կը մօտենայ 2015-ի Ապրիլի 24ը: Եկէ՛ք մեր մերժողական քաղաքականութիւնը փոխենք: Արդէն ամօթ է: Ես յոգնած եմ անցեալի հետ առերեսուելու վախէն: Եկէ՛ք բարձրացնենք մեր ձայնը: Մեր երկիրի եւ հասարակութեան հանդէպ յարգանք ստեղծելը մեր ապագայ սերունդներուն հանդէպ մեր պարտքն է: 90 տարի մենք բազմաթիւ մեղքեր գործած ենք: Կմախքները լեցուցած ենք պահարանները եւ փակած դռները: Կմախքները սկսած են փտելու եւ անոնց հոտը արդէն անտանելի դարձած է: Եկէք մեր ձայնը լսելի դարձնենք Անգարայի մեր պատգամաւորներուն: Պատգամաւորներն ալ թող ձայնը լսելի դարձնեն իրենց կուսակցութիւններու ղեկավարներուն, որպէսզի կարենանք բանալ կմախքներով լեցուն մեր պահարանները», գրած է Ալաթոն: