Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան Թարիա Ֆերնանտեզի, երկուշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան կողմէ հրատարակուած «Քիփինկ տը հարթ ին մայնտ» հատորին գինեձօնը:
Մանկավարժական եւ դաստիարակչական հատորին համահեղինակները ներկայացուեցան Ռոյ Ասաատի կողմէ:
Մխիթարեան միաբանութեան 320 տարուան հոգեւոր, գիտական, պատմական, հրատարակչական, մշակութային եւ կրթադաստիարակչական գործունէութիւնն ու տեսլականը ներկայացուց միաբան եղբայր Նարեկ Ճէնանեան:
Համահեղինակներէն Մէյրի Ղազարեան- Կիւրիւնլեան հատորի առաջին հինգ գլուխները ներկայացուց: Անդրադառնալով հատորին գործնական ուղեցոյցին` ան կարեւոր նկատեց ընկերային զգացական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ երրորդ հազարամեակի մանկավարժական նորագոյն մեթոտներուն ընդմէջէն, ֆինլանտական դաստիարակութիւնը` կիրարկուած բոլոր արդի գիտելիքներով` նոր սերունդը մղելու լաւագոյնին, որպէսզի անոնք իրենց կարգին դառնան ապագայի ղեկավարները:
6-րդ եւ 7-րդ գլուխները կը ներկայացնէին արբունքի շրջանը եւ երիտասարդութեան սեմը, երբ հարիւրաւոր զգացական յուզումներ կը յայտնաբերուին` ըստ համահեղինակ Սեպուհ Կիւրիւնլեանի, որ իր կարգին մանրամասնեց նշուած տարիքային փուլի դժուարութիւնները եւ հատորին մէջ բացայայտուած ուղեցոյցը: Ան ներկայացուց հատորին երկու տիպարները` Սոֆիան եւ Քարտիոն, անդրադառնալով անոնց հաւասարակշռուած ուղերթին, որ կը յանգի լաւագոյն ասպարէզի ընտրութեան որոշումին: Ան շեշտեց Մխիթարեան միաբանութեան վարժարանի արի նախաքայլը` դառնալու ռահվիրան շրջանի մէջ գործող վարժարաններու մէջ, որ կարողացաւ կիրարկել ընկերային ձիրքերու զարգացումն ու զգացական յուզումներու դաստիարակութիւնը աշակերտին ուսումնական ծրագիրին մէջ:
Ալեք եւ Արէն Տօներեաններու երաժշտական ընդմիջումին յաջորդեց Ֆինլանտայի կրթական հիմնարկէն, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին ղրկուած շնորհաւորութեան նամակը:
Հուսկ, դեսպան Թ. Ֆերնանտեզ բեմ հրաւիրուեցաւ` հակիրճ պատմականը կատարելով իր երկրի ուսումնական զարգացման յեղաշրջումին, նկատել տալով, թէ ինչպէ՛ս ֆինլանտացին` լիբանանցին եւս կը կարեւորէ ուսումնառութիւնը. ջատագովեց Մխիթարեան միաբանութեան վարժարանի համագործակցութիւնը Ֆինլանտայի հետ` ապագայ սերունդները երջանիկ քաղաքացիներ դարձնելու իրենց գրաւականին մէջ: Ապա, Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան հատորին ներածականին մէջ իր մէջբերումը դրսեւորեց` յայտնելով, որ անհատներ երջանիկ կը դառնան, երբ հոգին, սիրտն ու միտքը միասնաբար կը գործեն: Իր խօսքի աւարտին մեծաւոր հայրը յայտարարեց, որ Մխիթարեան վարժարանը դէպի երրորդ հազարամեակի գերազանց ուսման ճանապարհով եւ ընկերային զգացական ձիրքերով հարստացած նոր սերունդը կերտող տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Մէյրի Ղազարեան-Կիւրիւնլեանը:
Գինեձօնի աւարտին մեծաւոր հայր Մեսրոպ Սիւլահեանը յուշանուէրով մը պատուեց Ֆինլանտայի դեսպանը:
Ապա Մխիթարեան մանկապարտէզի բացումը կատարուեցաւ ներկայ պատուարժան հիւրերու կողմէ, որոնք մանկապարտէզէն ներս շրջելէ ետք մասնակից դարձան կոկիկ հիւրասիրութեան, որմէ ետք հատորներու մակագրութիւնը տեղի ունեցաւ: