Խաղաղութիւնը չի կրնար պարտադրուիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Թուիթըր»-ի վրայ այս մասին գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
«Այսօր (28 սեպտեմբերին) դարձեալ հաղորդագրութիւններ եղան հայ 3 զինուորներու սպանութեան եւ մէկ ազրպէյճանցիի վիրաւորման մասին: Այս եւ շատ այլ անիմաստ զոհերու գոյութիւնը ատելութիւն ու անկայունութիւն կը սնուցէ: Անվտանգութիւնը կարելի է, միայն երբ սահմանները կը յարգուին, եւ զօրքերը մօտ տարածութիւններու վրայ դէմ առ դէմ կանգնած չեն: Խաղաղութիւնը չի կրնար պարտադրուիլ», նշուած է Քլաարի գրառումին մէջ: