ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեան 11 Յունիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան ղեկավար Թիերի Ռիպոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սեպտեմբեր 2020ին Արցախի վրայ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով թուրք-ատրպէյճանական կողմի սանձազերծած յարձակման իբրեւ առդիւնք անհետ կորսուած եւ գերութեան մէջ յայտնուած անձերու ճակատագիրը պարզելուն վերաբերող հարցերու:
Վաղարշակ Յարութիւնեան Թ. Ռիպոյին փոխանցեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մտահոգութիւնը՝ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ մինչեւ օրս ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու իսկական թիւի քօղարկման եւ այս` բացառապէս մարդասիրական բնոյթ կրող հարցը քաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձնելու փորձերուն վերաբերեալ:
Նշուեցաւ, որ այս գործելաոճը կը հանդիսանայ միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքներու, մասնաւորաբար` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի, ինչպէս նաեւ Նոյեմբեր 2020ի եռակողմանի միացեալ յայտարարութեան դրոյթներու ծիրին մէջ Ատրպէյճանի ստանձնած յանձնառութիւններու կոպտագոյն խախտում։
Ըստ աղբիւրին` Վաղարշակ Յարութիւնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի երեւանեան գրասենեակի ղեկավարին՝ Ատրպէյճանի իրաւազօրութեան տակ յայտնուած հայ անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով գործադրած ջանքերուն համար՝ նշելով, թէ Ժընեւեան ուխտերը կ՛երաշտաւորեն ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, անոնց պատիւին եւ արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքի իրաւունքը, որ պէտք է բացառէ ամէն տեսակի նուաստացնող վերաբերմունք:
Թիերի Ռիպօ հաստատեց, որ ԿԽՄԿի պատուիրակութիւնը կը դիմէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն` անհետ կորսուած անձերուն ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներուն վերաբերեալ տեղեկատուութեան պարզաբանման ուղղութեամբ: