ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան 25 Փետրուարին հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր․ Սերկէյ Շոյկուի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ: Քննարկուեցան հայ-ռուսական երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով ռազմական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Կողմերը բարձր գնահատեցին հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութեան եւ քաղաքական երկխօսութեան թափը, Ռուսիոյ դերն ու ջանքերը` տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման վերաբերող, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ իրականացուող Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան արդիւնաւէտութիւնը:
Քննարկումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու արդիականացման ու բարեփոխումներու ընթացքին։
Հանդիպումի աւարտին Պապիկեան Շոյկուն հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն տալու Հայաստան:
Նոյն օրը, Պապիկեան ծաղկեպսակ զետեղեց Անյայտ զինուորի յուշահամալիրին դիմաց: