ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստը տեղի ունեցաւ Մոսկուայի մէջ։
Ասիկա եռակողմանի աշխատանքային խումբի 8րդ նիստի առաջին մասն էր, որուն ընթացքին դիտարկուեցան Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի միջոցներու վերականգնման հեռանկարները, քննարկուեցան Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին 11 Յունուարի յայտարարութեան ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքի հետագայ ընթացքը։
Մհեր Գրիգորեան, Ալեքսէյ Օվերչուք ու Շահին Մուստաֆաեւ համաձայնեցան մօտիկ ապագային գումարել 8րդ նիստի երկրորդ մասը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձաւ այս հանդիպման՝ շեշտելով, թէ այնտեղ պիտի ներկայացուի իրենց մօտեցումը։ «Զանգելանի մէջ պիտի ստեղծուի ժամանակակից գումակային եւ փոխադրութեան կեդրոն, ներառեալ բեռնատար եւ մարդատար ինքնաթիռներու թռիչքները, երկաթուղային հանգոյցի եւ մայրուղիներու կառուցում», ըսաւ ան։
Նշենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնց կարգին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան, կը պնդեն, որ միջանցքի հարց ընդհանրապէս չի քննարկուիր: Ան դիտել տուաւ միայն, որ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ կը քննարկուին խորհրդային տարիներուն գործող բոլոր երկաթուղիներու վերականգնումը՝ չյստակացնելով, թէ անոնցմէ ո՛ր մէկուն վերագործարկումը առաջնային է։