ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովը իր ամփոփիչ զեկոյցը Սեպտեմբերին պիտի ներկայացնէ խորհրդարանի նախագահին:
9 Սեպտեմբերին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան:
«Այս ամսուայ ընթացքում անպայման զեկոյցն ամբողջութեամբ ներկայացուելու է ԱԺ նախագահին, որպէսզի նրա յետագայ ճակատագիրն, ըստ կանոնակարգ օրէնքի, դրուի ընթացքի մէջ: Զեկոյցն ունենալու է յոյժ գաղտնի, խիստ գաղտնի, գաղտնի, բաց տիրոյթներ, որոնց, նախատեսուած չափով, հնարաւորութիւն կը տրուի տեղեկանալ, թէ՛ հասարակութեանը, թէ՛ ԱԺ պատգամաւորներին, թէ՛ անվտանգութեան մարմինների հիմնական պատասխանատուներին», ըսաւ Քոչարեան։
Յանձնաժողովի նախագահը, սակայն, նշեց, որ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուածներուն հարազատները կարենան ամբողջութեամբ ծանօթանալ զեկոյցի բոլոր մանրամասնութիւններուն: