Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) կարեւորագոյն գործերէն մէկը պէտք է ըլլայ Մարտ 1ի ոճրագործութեան բացայայտումը: Այս մասին, ըստ «ՓանԱրմինիըն»ի, յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցներուն ներկայացնելով նորանշանակ պետ Սասուն Խաչատրեանը:
«Երբ կ՛ըսենք չկան եւ գոյութիւն չունին սահմանափակումներ, նկատի ունինք, որ չկան եւ գոյութիւն չունին սահմանափակումներ», ըսաւ վարչապետը:
Ան ընդգծեց, որ եթէ նախապէս եղած են այնպիսի գործեր, որոնք տարբեր պատճառներով, քաղաքական, մերձքաղաքական կամ այլ առարկայական պատճառներով յառաջ չեն ընթացած՝ այժմ, սակայն, անդրադարձ պիտի կատարուի բոլոր այդ գործերուն:
«Յոյս ունիմ, որ քննիչները, ՅՔԾ նոր պետի ղեկավարութեամբ՝ պիտի անդրադառնան բոլոր այդ գործերուն Հայաստանի մէջ լիարժէք իրաւակարգ ապահովելու նպատակով», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: