ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան հանրայայտ կատակաբան Քոնան Օ՛պրայընի «Քոնան» յայտագիրին՝ Հայաստանի մէջ իրականացուած նկարահանումները կատարուած են «Soar Productions» (www.soartv.tv) ընկերութեան նկարահանող խումբին օգնութեամբ։ Յայտագիրը պիտի ցուցադրուի այսօր՝ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին:
Օ՛պրայըն անցեալ Ուրբաթ անձամբ հեռաձայնեց «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւն. թերթիս անգլերէն բաժինի խմբագիրը հարցազրոյց մը ունեցաւ կատակաբանին հետ եւ ընթացքին ան պատմեց իր Հայաստան ուղեւորութեան մասին:
Օ՛պրայընի յայտագիրի հայաստանեան նկարահանումներուն ամբողջ գործընթացը կազմակերպուած եւ իրականացուած է «Soar Productions»ին կողմէ՝ Սթանիսլաւ Սոլովքինի ղեկավարութեամբ: Օ՛պրայըն այս նկարահանումներուն համար այցելած է հայաստանեան գեղատեսիլ վայրերը եւ հեռաւոր անկիւնները՝ շարք մը հետաքրքրական հանդիպումներ ունենալով: