ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ կարգ մը քոնկրեսականներ կոչ ըրած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որ համաճարակին դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով, Հայաստանին յաւելեալ պատուաստներ տրամադրէ՝ ցաւ յայտնելով, որ Հայաստանը նկատի չէ առնուած Միացեալ Նահանգներու կողմէ աշխարհին խոստացուած մէկ միլիառ պատուստներու նորագոյն ցանկին վրայ:
Այս նպատակով Պայտընին յղուած նամակը համակարգած է Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա՝ շեշտելով, որ Հայաստանին պէտք է առնուազան 5 միլիոն պատուաստներ տրամադրուին: Նամաին տակ ստորագրած են նաեւ քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Ֆրեքն Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Տէյվիտ Վալատաօ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատեց քոնկրեսականներուն այս քայլը՝ շեշտելով, որ նախապատուութիւնը պէտք է տրուի Հայաստանին աջակցելու եւ ոչ թէ Ալիեւի բռնատիրութեան: