ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութիւնը 11 Մարտին յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրը համաճարակ դարձած է աշխարհի տարածքին, մինչ նոյն օրը, յատկապէս Եւրոպայի մէջ, վարակումներու թիւը աճ արձանագրեց, միայն Իտալիոյ մէջ անցնելով 10.000-ի սահմանը։
Միացեալ Նահանգներու տարածքին, վարակուած անձերուն թիւը 1000-էն աւելի է, իսկ զոհերուն թիւը 30-ի սահմանը անցաւ։ Շարք մը համալսարաններ արդէն իսկ անցած են համացանցային դասաւադման ընտրանքին, իսկ բազմաթիւ համերգներ, մարզական խաղեր եւ փառատօներ յետաձգուած կամ ջնջուած են, տարածումը զսպելու յոյսով։
Աշխարհի տարածքին վարակման դէպքերը հասան մօտաւորապէս 120.000-ի, իսկ զօհերուն թիւը՝ 4200-ի։
Վարակման առաջին դէպերը արձանագրուեցան նաեւ Իրլանտայի, Պելճիքայի եւ Թուքրիոյ մէջ։