Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 4023-ի, Մահուան Պարագաներունը` 54-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1710-ի
«Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարի միջոցները յառաջիկայ օրերուն պիտի խստանան, եւ երկիրը դարձեալ մուտք պիտի գործէ ընդհանուր զօրաշարժի դրութեան մէջ, որուն ընթացքին փակ պիտի մնան մարզասրահները, մարզադաշտերը, մարզական ակումբները, խորհրդաժողովներու յատուկ սրահները, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, ժողովրդային շուկաները, ծովեզերքի քալելու յատուկ մայթերը, լողափները, լողաւազանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները:
Այս բոլորին կողքին պիտի ջնջուին կրօնական բոլոր առիթները, մարզական մրցումները, իսկ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով պիտի փակուին ճաշարաններն ու սրճարանները, ինչպէս նաեւ պիտի կասեցուի բնակարանները սննդեղէն եւ պատրաստ ճաշ առաքելու ծառայութիւնը:
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 4023-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 141 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 133-ը` տեղացիներ, իսկ 8-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 54 պարագաներ մահացած են, իսկ 1710 ուրիշներ` ապաքինած:
Նշենք, որ ուրբաթ, 31 յուլիս 2020-էն սկսեալ Լիբանանի սահմաններուն վրայ Լիբանան մուտք գործել փափաքողները ստիպուած են ցոյց տալ իրենց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեան արդիւնքը, պայմանով, որ անիկա ճամբորդութենէն միայն 4 օր առաջ կատարուած ըլլայ:
Միւս կողմէ, յիշեցնենք, որ վաղը` հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2020, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020 Լիբանանի մէջ փակ պիտի մնան բոլոր անձնական հաստատութիւնները, առեւտրական կեդրոնները, շուկաներն ու ընկերութիւնները, կրթական եւ դրամատնային մարզերը եւ պիտի արգիլուին ամէն տեսակի համախմբումները:
Այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին առողջապահական եւ բժշկական, սննդեղէնի յատուկ, զինուորական, դեղորայքի, ճարտարարուեստի, երկրագործութեան եւ տեղեկատուութեան հաստատութիւնները, նաւահանգիստները եւ օդակայանը, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւնները եւ քաղաքապետարանները:
Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ յանձնառու կը մնայ դրամատուները հինգշաբթի, 30 յուլիս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 3 օգոստոս 2020, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-էն մինչեւ երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020 փակ պահելու ներքին գործոց նախարարութեան որոշումին:
Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդարանը հաստատեց, որ իրենք արդէն իսկ փակած են բոլոր եկեղեցիները` աւելցնելով, որ անոնք եկեղեցիները փակ պիտի պահեն մինչեւ 10 օգոստոս 2020:
Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ իրենք անկարող են ներկայ պայմաններով շարունակել այս ընթացքը` աւելցնելով, որ շատ հաւանաբար փորձանքներու դէմ յանդիման կրնան գտնուիլ, եթէ ժողովուրդը շարունակէ յանձնառու չմնալ նախազգուշական միջոցառումներու որդեգրման:
«Այդ պարագային հիւանդանոցները անկարող պիտի դառնան ընդունիլ վարակուածները, եւ Լիբանանի մէջ պիտի ստեղծուի Իտալիոյ նման իրավիճակ մը», ըսաւ ան: