ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
«Քորոնա» ժահրի երեւումն ու արագասոյր տարածումը քանդեց պետական սահմանները եւ աշխարհով մէկ վերածուեցաւ հասարակաց թշնամիի:
Լիբանանն ալ անմասն չէ այս ժահրէն:
Շրջանային, համայնքային, կուսակցական, քաղաքական, տնտեսական թէ դասակարգային ամէն պատ քանդող, անցնող ու հարուածող համաճարակն է «Քորոնա»-ն:
Անծանօթ թշնամի մը, որուն դէմ կանգնելու հիմնական զէնքը անձն է:
Մենք ենք այդ զէնքը:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք անձնապէս կրնայ դիմադրել «Քորոնա»-ի վարակման ու տարածման դէմ:
Այս հարցին նկատմամբ կարելի չէ մեծամտութեամբ, անհոգութեամբ կամ անտեղի հերոսութեամբ վերաբերիլ:
Իսկ «Քորոնա»-էն զգուշանալը ո՛չ տկարութիւն է, ո՛չ վախկոտութիւն եւ ո՛չ ալ անձնատուութիւն:
Հիմնականը առաւելագոյն զգուշութիւնն ու ինքնազսպումն է:
Մեզմէ իւրաքանչիւրին կողմէ, իւրաքանչիւրիս եւ բոլորին համար:
Մեր հայրերուն եւ մայրերուն համար:
Մեր զաւակներուն համար:
Մեր ընտանիքներուն համար:
Մեր սիրելիներուն համար:
Մեր ընկերներուն համար:
Ընտանիքի սէրը այսօր կը պահանջէ անհատական զգուշութիւն:
Ընկերականութիւնը կը պահանջէ անհատական ինքնազսպում:
Պարտաւոր ենք ուշադիր ըլլալ` չվարակուելու եւ չվարակելու համար:
Աղօթենք մեր տան մէջ: Աստուած մեզ կը լսէ ամէն տեղէ:
Աշխատինք մեր տունէն, առաւելագոյն չափով փորձենք դուրս չգալ տունէն: Մենք մեզ զսպենք:
Վերադառնանք մեր ընտանիքներուն: Օգտուինք առիթէն` կորսնցուցած ընտանեկան հաճելի յարաբերութիւնները վերագտնելու: Աւելիով կը ճանչնանք զիրար:
«Ես զօրաւոր եմ, չեմ վախնար»-ը պահենք այլ առիթներու` աւելի վսեմ նպատակներու ի խնդիր:
Այսօր հիմնականը նախազգուշութիւնն է:
Մենք մեզ ամուր պահենք, առողջ պահած կ՛ըլլանք մեր շրջապատը:
Պաշտպանելով մենք զմեզ` պաշտպանած կ՛ըլլանք մեր ընտանիքը, սիրելիները, ընկերներն ու բարեկամները, եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը:
«Քորոնա» անունով անծանօթ այս թշնամիին դէմ միայն անհատական գիտակցութեամբ կը հասնինք հաւաքական պայքարի:
Անսովոր կացութիւնը անսովոր ու հսկայական կամք կը պահանջէ: Հեռու քաղաքական շահարկումներէ, հեռու կէտ արձանագրելու եւ ժողովրդականութիւն ապահովելու մոլուցքէն, հեռու ամբոխահաճոյ փոխադարձ ամբաստանութիւններէ, պէտք է դիմագրաւենք այս հանգրուանը:
Պահը լուրջ է եւ առաւելագոյն զգօնութիւն կը պահանջէ:
Վատագոյն պայմաններու մէջ ապրելու վարժուած մեր հայրենակիցները քաջութիւնն ու գիտակցութիւնը ունին նաեւ այս տագնապին, այս թշնամիին ալ յաղթելու:
Պաշտպանէ՛ ինքզինքդ, պաշտպանած կ՛ըլլաս շրջապատդ:
Իւրաքանչիւրս, անհատապէս կը նպաստենք միասնաբար յաղթելու ճիգին: