ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Թ ՄԱՍ
ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԱՂԱԿ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
Վերոյիշեալ յօդուածի տպագրութենէն շուրջ հինգ ամիս ետք, «Ֆոլքսրեխթ» իր 5 Յունուար 1916 թիւին մէջ անգամ մը եւս հանգամանօրէն կ’անդրադառնայ Հնչակեան Քսան Կախաղաններուն` «Օգնութեան Կանչ Մը Հայաստանէն» խորագրին ներքոյ: Խորագիրը ստոյգ խմբագրութեան զետեղածն է, քանի յօդուածը իսկութեան մէջ Զուիցերիոյ վրացի ուսանողութեան սրտառուչ նամակի տպագրութիւնն է, որ յղուած էր Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան ատենապետին[1]: «Զուիցերիոյ մէջ գտնուող կովկասցի կուսակցական ընկերներու»[2] գրած բուն նամակը հրատարակելէ առաջ, թերթին խմբագրութիւնը երկու լայն պարբերութիւններով ընթերցողին յիշողութիւնը կը թարմացնէ` հրաւիրելով անոր ուշադրութիւնը իր 13 Օգոստոս 1915 թիւին մէջ տպագրած յօդուածին վրայ, որ կը վերաբերէր Հնչակեան Քսան Կախաղաններու իրադարձութեան` ստորագրուած Պետական Բ. Դումայի պատգամաւոր «ընկեր Սուրաբով»-ի կողմէ:
Սոցիալ-Դեմոկրատ հեղինակաւոր տեսաբաններ՝ Քարլ Լիպքնեխթ եւ Ռոզա Լուքսենպուրկ
«16 Յունիս 1915-ի արշալոյսին, քսան հայ թրքահպատակ ընկերներ, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ ընկեր Գ. Վանիկեանը, ընկերվարական «Կայծ» թերթի խմբագրական ամբողջ անձնակազմին հետ [կախաղանի] մահուան դատապարտուեցան բոլոր մուսուլման հաւատացեալներու խալիֆայի կառավարութեան կողմէ: Պետական Բ. Դումայի պատգամաւոր ընկեր Սուրաբովը [դէպքէն] անմիջապէս յետոյ [բողոքի] իր ձայնը բարձրացուց գերմանական կառավարութեան դէմ` ըսելով, «Գերմանական իշխող օղակները մէկ ձեռքով իբրեւ թէ քաղաքացիական խաղաղութիւն կը կնքեն ընկերվարականներուն հետ, երբ միւս ձեռքով կ’օրհնեն այն թուրք դահիճները, որոնք կախաղան կը բարձրացնեն անոնք, որոնք գերմանացի ընկերներու մօտ սորված են դասակարգային պայքարի տեսութիւնն ու գործադրումը, եւ դեռ մինչեւ վեջին վայրկեանը անոնք սերտ կապի մէջ էին Ինտերնացիոնալի Բիւրոյի եւ Գերմանական [Սոցիալ-Դեմոկրատական] Կուսակցութեան հետ»[3]:
«Օգնութեան Աղաղակ Մը Հայաստանէն». « Ֆոլքսրեխթ», թիւ 3, 5 Յունուար 1916
«Ֆոլքսրեխթ» կը շարունակէ` տեղեկագրելով, թէ Յունիսէն ի վեր Հայաստանի մէջ իրավիճակը բարելաւուած չէ, ընդհակառակը` խմբագրութիւնը գրեթէ անընդմէջ վերահասու կը դառնայ թրքական կառավարութեան կողմէ այդտեղ սանձազերծուած բարբարոսութիւններուն:
Էտուարտ Պեռնշթայն 1902-ին հրապարակած է ի նպաստ հայ ժողովուրդին փայլուն ճառ մը, որ կը կռէ « Die Leiden des armenischen Volkes und die Pflichten Europas – Հայ ժողովուրդի տառապանքը եւ Եւրոպայի պարտաւորութիւնները» խորագիրը:
Նշուած նամակի բովանդակութենէն կը պարզուի, որ զայն ստորագրողները Ժընեւի համալսարանին մէջ ուսանող վրացի ընկերվարականներն են, որոնք միաժամանակ անդամ են Ռուսիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան: Գրութեան շարժառիթ կը հանդիսանայ «Ամբողջ ազգի մը` հայ ժողովուրդի սիստեմատիկ բնաջնջումը Թրքական Կայսրութեան մէջ»[4], որուն դէմ բողոքելը` նամակը ստորագրողները կը համարեն իրենց բարոյական սեպուհ պարտականութիւնը: Հետեւաբար անոնք կը խնդրեն Գերմանիոյ սոցիալ-դեմոկրատներու միջամտութիւնը գերմանական կառավարութեան մօտ` Թուրքիոյ մէջ կասեցնելու համար չարիքը, որուն դժբախտ զոհը դարձած է հայ ժողովուրդը:
Վերոյիշեալ նամակին բովանդակութիւնը այնքան շահեկան եւ համահունչ է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեր այսօրուան վերլուծումներուն հետ, որ իսկապէս կ’արժէ թարգմանաբար զայն ներկայացնել պահանջատիրութեան արդար եւ աննահանջ ոգիով տոգորուած մեր ընթերցասէր հասարակութեան ուշադրութեան:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԲՆԱՋՆՋՄԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ
ԺԸՆԵՒԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ՎՐԱՑԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՅՂԱԾ ԲՈՂՈՔԻ ՆԱՄԱԿԸ
ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՍՈՑԻԱԼ-ԴԵՄՈԿՐԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ
«Յարգելի կուսակցական Ընկեր,
Ժընեւի մէջ համախմբուած խումբ մը վրացի ընկերվարականներ, որոնք անդամներ են Ռուսիոյ Ընկերվարական-Բանուորական Կուսակցութեան, իրենց միջազգային պարտականութիւնը կը համարեն դիմելու Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան, Թրքական Կայսրութեան մէջ ամբողջ ազգի մը` հայ ժողովուրդի բնաջնջման առթիւ:
Երբ 1908 տարին այն երեւոյթն ունէր, թէ թրքական հին վարչակարգը պատմութեան երեսէն անհետանալու սկսած էր, մենք ողջունեցինք Թուրքիոյ յեղափոխական շարժումը այն ակնկալիքով, որ սկիզբ առած էր նոր ժամանակաշրջան մը ինչպէս թուրք ժողովուրդին, նմանապէս Թուրքիոյ մնացեալ միւս ժողովուրդներուն համար, որոնք անպայման իրաւունքն ունին ազգային ազատ զարգացումի: Մեր սպասումները խաբուսիկ ելան: Թուրքիոյ նոր տիրակալները, վայելելով եւրոպական քաղքենիութեան լայն օժանդակութիւնը, շարունակեցին վարել Ապտիւլ Համիտի հին քաղաքականութիւնը: Սակայն ճնշուածներուն համար յաճախ կը բոցկլտար ազատագրուելու յոյսը` սնած սոցիալիստական Ինտերնացիոնալի բարոյական հեղինակութենէն, որ բազմիցս եռանդուն հանդէս եկած էր ի պաշտպանութիւն ճնշուած դասակարգերու եւ ժողովուրդներու: Համաշխարհային աղէտի պահուն, միջազգային պատերազմին բռնկումով, մեր դժբախտութիւնն էր սոցիալիստական Իտերնացիոնալին քանդուած ըլլալը, որ ազատ կ’արձակէր բոլոր երկիրներու ճնշողներուն ձեռքը:
Թրքական կառավարութիւնը օգտագործեց այս ընդհանուր վայրիացումի պահը` հուրի եւ սուրի միջոցով բնաջնջելու համար ազգ մը, որ դարեր շարունակ հերոսաբար պաշտպանած է իր մշակոյթը: Ստոյգ, բոլոր ազգերու մէջ իշխող դասակարգերը իրարու նման են: Ամենայն իրաւունքով կարելի է զոր օրինակ ցոյց տալ Ռուսիան` ֆինլանտացիներու, լեհերու, հրեաներու, ուքրանացիներու, վրացիներու եւ այլոց նկատմամբ վարած իր քաղաքականութեան առնչութեամբ: Այս առթիւ պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուսիոյ մէջ ինչպէս պատերազմէն առաջ, նոյնպէս նաեւ,– զոր մասնաւորաբար հարկ է ընդգծել,– ուղղակի պատերազմի ընթացքին ստրկացնելու քաղաքականութիւնը փոխադարձաբար անպատասխան մնացած չէ: Սոյն քաղաքականութիւնը այդտեղ շարունակ կը հանդիպի միջազգային յամառ դիմադրութեան մը` յառաջդիմական դեմոկրատիայի եւ յատկապէս պրոլետարիատին կողմէ, որ հաւատարիմ մնացած է Ինտերնացիոնալի դրօշին: Ասոր հակառակ, Թուրքիոյ մէջ, առ այժմ, ոչ մէկ ուժ գոյութիւն ունի, որ հանդէս գար պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդը: Երբ թրքական կառավարութիւնը անցեալ ամառ մեր Քսան Ընկերները կախաղանի մահուան դատապարտեց, երկրին մէջ ոչ մէկ ձայն բարձրացաւ` սպաննուած մարտիկներուն, – մեր գաղափարակից ընկերներուն, – նուազագոյն յիշատակն անգամ յարգելու համար:
Մենք Ձեզի՛ դիմելով կը յայտարարենք. Ձեր կառավարութիւնը դաշինքի մէջ կը գտնուի թրքականին [Թուրքիոյ] հետ, եւ ան իսկապէս կը կառավարէ Թուրքիան: Հայ ժողովուրդի ճակատագրին համար պատասխանատւութիւնը կը կրէ նաեւ Ձե՛ր կառավարութիւնը: Վստահաբար այս պատասխանատւութիւնը Դուք պիտի չուզէք բաժնել անոր [Թուրքիոյ] հետ, ու Ձեր հեղինակաւոր ձայնը պիտի բարձրացնէք այս պատմական յանցագործութեան դէմ: [Այսպէս,] Դուք պիտի յիշէք այն փառաւոր անցեալը, երբ Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատիան Ընկ. Էտուար Պեռնշթայնի[5] եւ այլոց միջոցով բողոք մը մեկնարկած էր Ապտիւլ Համիտի վարչակարգին կողմէ հալածուող հայութեան պաշտպանութեան ի խնդիր:
Մենք, որ կեանքի ընկալումը մեր միասնական առաջնորդներուն` Պէպէլի, Լիպքնեխթի[6], Քաուցքիի եւ ուրիշներու գործերէն քաղած ենք, տարած ենք անոնց գաղափարները դէպի կովկասեան գիւղերն ու քաղաքները, առանց ազգային խտիր դնելու, (ըլլան անոնք մուսուլմաններ, ռուսեր, վրացիներ թէ հայեր), մեր պրոլետարիատի շարքերուն ենք փոխանցած սիրոյ այն ջերմ զգացումը գերմանական բանուոր դասակարգին նկատմամբ, որպէս Ինտերնացիոնալի յառաջապահ [պաշտպանը]. [ուստի], այժմ մենք մեզ իրաւացի կը զգանք Ձեզմէ բարեկամաբար պահանջելու, որ Դուք գերմանական Սոցիալ-Դեմոկրատիայի շրջանակներուն մէջ բողոք բարձրացնէք հայ ժողովուրդի բնաջնջման դէմ»[7]:
Այստեղ թերթին խմբագրութիւնը կը շարունակէ` վրացի ընկերվարականներու վերոնշեալ նամակին աւելցնելով հետեւեալ մեկնաբանութիւնը.–
«Սոցիալիստական եւ մաքուր մարդկային տեսակէտէ մեկնելով` Հայաստանէն եկած օգնութեան այս աղաղակը արժանի է ուշադրութեան: 1878 թուականի Պերլինի դաշնագրին մէջ վեց մեծ տէրութիւնները, այդ թիւին մէջ Գերմանիան, ճանչցան Հայաստանի աւելի լաւ պայմաններ ունենալու իրաւունքը: Պէտք չէ՞ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ի վիճակի ըլլար իր թրքական նահանգին վրայ այդչափ ազդեցութիւն բանեցնելու` բազմաչարչար հայ ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու համար: Պէտք չէ՞ Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատիայի ազդեցութիւնը, քաղաքացիական խաղաղութեան պայմաններուն մէջ, բաւարար ըլլար` յառաջացնելու համար Գերմանիոյ կառավարութեան միջամտութիւնը:
Հայաստանի կապիտալիստական զարգացումին բերումով այնքան կարեւորութիւն ստացած եւ տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած Հայաստանի Բանուորական Սոցիալիստական Կուսակցութեան պիտի մաղթէինք, որ իր օգնութեան այս կանչը չբախէր խուլ ականջներու»[8]:
Միանգամայն դիպուկ եւ իրաւացի է «Ֆոլքսրեխթ» թերթի խմբագրութեան սոյն մեկնաբանութիւնը: Քաղաքակիրթ Եւրոպայի աչքերուն առջեւ եւ Կայսերական Գերմանիոյ ամենալայն գիտութեամբ, ինչու չէ նաեւ մեղսակցութեամբ, Երիտթուրք ջարդարարներուն ձեռքով բնաջնջուեցաւ ազգ մը ամբողջ: Եղո՜ւկ, ոչ ոք լսեց իր մինչեւ երկինք բարձրացող օգնութեան անգամ ամենասրտառուչ աղաղակները. իր երկիրը շէն` դարձաւ գերեզման մը համատարած բաց երկինքներուն տակ, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ լման տարածքով, միչեւ իր հոգեվարքին վերջին հանգրուանը` մահուան սահմանագիծը` համակեդրոնացման աւազոտ գերեզմանը Տէր Զօրի:
Մարդիկ սովորաբար հերոս չեն ծնիր, այլ կը դառնան` ծայրայեղ պարագաներու մէջ, երբ կը կանգնին երկընտրանքի մը գերագոյն հրամայականին առջեւ, ընտրելու կա՛մ տկարութեան, կա՛մ նահատակութեան ճամբան:
Որքան ալ տրամաբանութիւնը թելադրէ տարատեսակ զիջումներ ընել սեփական անձին, խղճին ու շրջապատին հետ, թերեւս այս երկընտրանքին առջեւ որդեգրել բազմադէմ մարտավարութիւններ, միեւնոյն է, այս գերազանց պահուն առջեւ ամենադոյզն նահանջն անգամ դաւաճանութի՛ւն է, որովհետեւ հերոսին ներելի է ամէն ինչ որ մարդկային է, բայց ո՛չ` տկարութիւնը:
Հերոսի մը էութեան անբաժանելի տարրն է յօժարակամ ինքնազոհաբերութեան ոգին` իր բիւրեղ գաղափարի եւ համոզումներու յաղթանակին, սիրոյ եւ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու պահպանումին, հայրենիքի եւ ազգի փրկութեան, հաւատքի վկայութեան եւ մարդկութեան մեծագոյն ծառայութիւն մը մատուցած ըլլալու համար: Սոյն արարքը կը հանդիսանայ տուեալ անհատին մատուցած այն եզակի եւ անգնահատելի վաստակը, որ զսպանակուած չէ պարտաւորութիւն մը կատարելու ստիպողականութեամբ, այլ իր մէջ կը բովանդակէ պարտաւորութենէ գերիվեր, շատ աւելի բարձր, բայց ոչ պարտաւորութեան մը դէմ ըլլալու հանգամանքը:
Հնչակեան Քսան Կախաղանները այսպիսի՛ հերոսներ էին, որոնց արժանաշուք յիշատակին առջեւ կու գան խոնարհելու սերունդներ ամբողջ, ահա, իրենց նահատակութենէն նոյնիսկ աւելի՛ քան հարիւրամեակ մը ետք:
Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ անոնց հողակոյտը միշտ պիտի մնայ թարմ եւ ծաղկաւէտ:
Խունկ եւ աղօթք, օրհնութիւն աստուածային` անմահ Քսաններու անմոռաց յիշատակին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1- Այդ ժամանակաշրջանին Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութեան ատենապետն էր Ֆրիտրիխ Էպէրթ (1913–1917):
2-Հմմտ., VR, 3, 5.01.1916.
3-Նոյնը:
4- Նոյնը:
5- Eduard Bernstein – Էտուարդ Պեռնշթայն (1850–1932), August Bebel – Աուկուստ Պէպէլ (1840–1913), Karl Liebknecht – Քարլ Լիպքնեխթ (1871–1919), Karl Johann Kautsky – Քարլ Եոհանն Քաուցքի (1854–1938), եղած են Գերմանիոյ Սոցիալ Դեմոկրատական Կուսակցութեան ականաւոր ներկայացուցիչներն ու տեսաբանները: 1916 թուականի Յունուարին, Լիպքնեխթ Ռայխսթակի մէջ ելոյթ կ’ունենայ հարցնելով. «Արդեօ՞ք պետութեան վարչապետը տեղեակ է, որ ներկայ պատերազմի ընթացքին դաշնակից Թուրքիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր հայեր իրենց բնակավայրերէն աքսորուած եւ սպաննուած են»: Անդրադառնալով Լիպքնեխթի ելոյթին, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցչը` Ֆերտինանտ Քարլ Տիար Ֆոն Շթում, պատասխանած է. «Պետութեան վարչապետը տեղեակ է, որ [Բարձր] Դուռը (թրքական կառավարութիւնը) ժամանակ մը առաջ, մեր հակառակորդներու խռովարար գործունէութիւններուն պատճառով ստիպուած եղած է Թուրքիոյ հայ ազգաբնակչութիւնը որոշակի շրջաններէ տեղափոխելու` իրենց առաջարկելով ապրելու համար նոր բնակավայրեր: Սոյն միջոցառումներուն յառաջացուցած հետեւանքներուն առթիւ, գերմանական եւ թրքական կառավարութիւններուն միջեւ տեղի կ’ունենան խորհրդակցութիւններ: Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ կարելի չէ հաղորդել»: Երբ Լիպքնեխթ կը փորձէ նիւթը աւելի արծարծել՝ վկայակոչելով Եոհաննէս Լեփսիւսի հաղորդածը, թէ խօսքը «ուղղակի թրքահայութեան բնաջնջումին կը վերաբերի», Ռայխսթակի նախագահը զանգակով մը կ’ընդհատէ խօսակցութիւնը եւ կ’արգիլէ, որ հարցը աւելի խորանայ: Բնականաբար, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին` Ֆերտինանտ Քարլ Տիար Ֆոն Շթումի ելոյթը ուղղակի զգալի կը դարձնէ Կայսերական Գերմանիոյ պաշտպանողական դիրքը Երիտթուրքերուն հանդէպ՝ ծածկելով անոնց իրագործած յանցագործութեան տարողութիւնը, թէ «մեր հակառակորդներու խռովարար գործունէութիւններուն պատճառով» անոնք «ստիպուած» եղած են հայ ազգաբնակչութեան «սահմանափակ տեղահանումներ»-ուն դիմելու: Տես այս մասին, Wolfgang Gust (Hg.), անդ, էջ 84, 422f.
Ի դէպ, այստեղ կ’արժէ նաեւ համառօտ յուշել, որ երբ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներէն Գաբրիէլ Կաֆեան դէպի Ռուսիա արգիլուած գրականութիւն առաքելու մեղադրանքով, 1888-ի Մարտին, կը ձերբակալուի Լայփցիկի մէջ, ուր ազատազրկուած կը մնայ 6 շաբաթ, զինք բանտէն ազատելու եւ յատկապէս ռուսական իշխանութիւններուն չյանձնուելու օժանդակութեան համար կը պարտի Քարլ Լիպքնեխթի գերմանական իշխանութեանց մօտ կատարած ազդու միջամտութեան:
6- Ակնարկուածը կրնայ նաեւ Քարլ Լիպքնեխթի հայրը` Վիլհելմ Լիպքնեխթը ըլլալ, հեղինակութիւն մը, որ եղած է Գերմանիոյ ընկերվարութեան նահապետներէն մէկը: Հեղինակած է բազմաթիւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան նուիրուած մենահատորներ:
7- Տե՛ս, VR, 3, 5.01.1916.
8- Նոյնը: