ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով, մեկնաբանելով Քրաքովի մէջ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը՝ յայտնած է, որ հանդիպման ժամանակ քննարկուած կէտերուն մէջ էին ռազմական վտանգներու նուազեցման հետ կապուած հարցերը, ներառեալ՝ հակամարտութեան գօտիին մէջ ԵԱՀԿի դիտորդներու առաքելութեան ընդլայնումը:
«Նախարարները սկզբունքային համաձայնութիւն տուած են միջնորդներուն պատրաստած փաստաթուղթին, որ կը համակարգէ յաւելեալ 7 դիտորդներու գործունէութիւնը», ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է ան։
Փոփով յիշեցուցած է, որ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գծով Զուիցերիոյ մէջ Հոկտեմբերին կայացած հանդիպման ընթացքին ընդունուած որոշումին շնորհիւ, բանակցային գործընթացը աշխուժացած էր եւ յաւելեալ միջոցներու նախաձեռնուած էր՝ շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:
«Գագաթնաժողովէն ետք, ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերներս, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչն ու ես խորհրդակցած ենք Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ՝ կազմակերպելով երկու հանդիպում, որոնցմէ վերջինը Քրաքովի մէջ էր», ըսած է ան եւ աւելցուցած, որ առաքելութեան ընդարձակման համար տակաւին շարք մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն պէտք է ապահովուի։
Ռուս համանախագահին համաձայն՝ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման ամենաբարդ կէտերը, որոնք կը խոչընդոտեն կարգաւորման գործընթացը:
«Անոնք նոր չեն ու մէկ անգամ չէ, որ քննարկուած են: Անոնք կապուած են կարգավիճակին վերաբերող հարցերու լուծման ու կարգաւորման հետ: Համանախագահներուն ներկայացուցած տեսակէտները ուղղուած են ընդունելի հանգուցալուծում մը գտնելուն: Կ՛ակնկալենք, որ Փետրուարի առաջին տասը օրերուն մեր եռեակին տարածաշրջան կատարելիք այցելութեան եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի նախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին, կը յաջողինք յստակացնել այդ հարցերուն վերաբերեալ կողմերուն դիրքորոշումը», շարունակած է Փոփով:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք նախագահներուն յստակ առաջարկներ ու որոշումներ պիտի փոխանցուի՞ն՝ Փոփով պատասխանած է, թէ իրենք, իբրեւ միջնորդներ, կողմ են ամենաբարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութեան շարունակման, եւ աւելցուցած է. «Այլընտրանք չկա՛յ: Միայն կողմերը կրնան քաղաքական կամք դրսեւորելու միջոցով յանգիլ փոխզիջումային որոշումներու, որոնք վերջ կը դնեն ձգձգուած հակամարտութեան: Երբ կողմերը պատրաստ ըլլան, կարելի պիտի ըլլայ երկու երկիրներու առաջնորդներուն առաջարկել համապատասխան տարբերակները»: