ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մերժեց մեկնաբանել Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայաններու հաստատման հաւանականութեան մասին լուրերը՝ զանոնք կոչելով ըսի-ըսաւներ։ Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»ն։
«Մենք չենք քննարկած այդ հարցը, ուստի այս լուրերուն մեկնաբանութիւն չենք տար», յայտնեց Լաւրով՝ պիելոռուս իր պաշտօնակից Վլատիմիր Մաքէյի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանելով նշեալ հարցին վեռաբեռող հարցումի մը։ Ան աւելցուց, որ Ալիեւ այս հարցը պէտք է քննարկէ Փութինի հետ»։
«Մօտէն կը հետեւինք Ատրպէյճանի մէջ թրքական ռազմակայանի հաւանական հաստատման մասին լուրերուն։ Ասիկա արարք մըն է, որ Ռուսիայէն կը պահանջէ իր անվտանգութիւնը եւ շահերը պաշտպանելու համար քայլեր որդեգրել», յայտարարեց Քրեմլինը։