Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռակողմ հանդիպումը կը նախապատրաստուի յաջորդ շաբաթ` տեսաժողովի ձեւաչափով: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Այո՛, իսկապէս, նման հանդիպում կը նախապատրաստուի, եւ անիկա կը պատրաստուի տեսաժողովի ձեւաչափով», ըսած է Փեսքով:
Նախապէս «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած էր, որ յաջորդ շաբաթ բացառուած չեն Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի մասնակցութեամբ ձեռնարկներ, որոնք կը համընկնին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը դադրեցուցած եռակողմ փաստաթուղթի ստորագրութեան առաջին ամեակին: