Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով շաբաթ օր «Պիելոռուս-1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ապազինման գործողութիւնը ընթացքի մէջ է: Ուքրանական զինուորական կարողականութիւնն ու ենթակառոյցը յատուկ գործողութեան ընթացքին գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուեցան»:
Անդրադառնալով ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն` ան յայտնեց. «Ռուսիան կ՛ուզէ Պիելոռուսիոյ մէջ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները շարունակել, սակայն Քիեւ կը մերժէ»: Ան աւելցուց նշելով, որ «Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները դիւրին չեն, սակայն կարեւոր է, որ շարունակուին»:
«Ռուսիան Պիելոռուսիոյ ամբողջական զինուորական աջակցութիւն կը տրամադրէ», նշեց Քրեմլինի բանբերը` ընդգծելով. «ՀԱՊԿ-ի անդամի մը վրայ, մասնաւորաբար Մինսքի վրայ յարձակում մը Ռուսիոյ վրայ յարձակում կը նկատենք»: