ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Քրեմլին 22 Սեպտեմբերին արձագանգեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին կողմէ ՄԱԿի ամպիոնէն հնչեցուցած այն յայտարարութեան, որմով ան դարձեալ կը պնդէր, թէ Անգարա կը ճանչնայ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Խրիմի հարցով Անգարայի արտայայտած տեսակէտին հետ մենք կտրուկ կերպով համաձայն չենք, սակայն պիտի շարունակենք աշխատիլ թրքական կողմին հետ», ըսաւ Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով՝ աւեցնելով․ «Կը ցաւինք, որ այդ յայտարարութիւնները հիմա կը հնչեն, երբ կը նախապատրաստուի Թուրքիոյ նախագահի Ռուսիա այցելութիւնը: Մենք պիտի նախընտրէինք կեդրոնանալ երկկողմ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ տարածաշրջանային շատ թէժ հարցերու լուծման վրայ»։