Հակառակ ֆութպոլի աւարտական խաղին, Յուլիս 13, 2014, երբ շուտով` ժամը 3ին պիտի սկսէր Արժանթին-Գերմանիա մրցումը Պրազիլի մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 1։30ին, կոկիկ գրասէր հասարակութիւն մը ժամադրուած էր Նիւ Ճըրզիի Վարդանանց Եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ, հանդիպելու համար ամերիկահայ, այլեւս հանրայայտ գրող Քրիս Պոհճալեանին եւ լսել իրմէ իր վերջին գիրքին` «Փակէ ́ աչքերդ, բռնէ ձեռքերը» – “Close your eyes, hold hands” մասին։
Անցեալին եւս գրագէտին համար մեր հայկական մշակութային զանազան կազմակերպութիւնները նմանօրինակ հանդիպումներ կազմակերպած էին։ Այս մէկը սակայն կազմակերպուած էր Նիւ Ճըրզիի Համազգայինին կողմէ։
Բացման խօսքը ըրաւ Անի Չաղլասեան ու հրաւիրեց Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանը տալու իր խօսքը. սրբազանը այդ օր եկած էր եկեղեցի պատարագելու եւ այնուհետեւ ան դարձաւ մասնակից նաեւ այս հանդիպման։ Այնուհետեւ, հայկական սովորութեամբ գինիով օծեց նոր գիրքը մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ գրագէտին, որ կ’ապրի Ամերիկայի Վերմոնթ նահանգը։
Նիւթը պատմութիւնն է անտունի աղջնակի մը` Էմիլի Շեփըրտ, որ կը բնակի շատ տխուր պայմաններու մէջ։ Վերմոնթի մէջ աթոմական կայանի մը սառեցման վտանգը պատճառ կ’ըլլայ որ Էմիլին կորսնցնէ իր հայրն ու մայրը։ Հայրը պատասխանատուն էր այդ կայանին եւ կ’ենթադրուի թէ իր անհոգութեան որպէս արդիւնք էր տեղի ունեցող այդ աղէտը. գուցէ գինո՞վ էր այդ օր։
Հազարաւոր մարդ կը ստիպուին հեռանալ այդ շրջաններէն ու իրենց բնակարաններէն։ Գետեր կը թունաւորուէին եւ անտառներ կ’ամայանային։ Էմիլի այս տեսարանին դիմաց, կը զգար թէ Ամերիկայի ամենէն ատելի մարդու մը դուստրն էր արդէն։ Կը հեռանար իր ամենօրեայ ընկերային կեանքէն եւ կ’ուզէ այլեւս դառնալ ուրիշ անձնաւորութիւն մը։ Մոռնալ իր ինքնութիւնը։ Իր նախասիրած բանաստեղծուհիէն` Էմիլի Տիքընսընէն ներշնչուելով ուժ կ’առնէր անկէ։ Կը գտնէ իրեն նման անտունի երիտասարդ մը` Գամերոն անունով, որուն կու տայ ամէն խնամք եւ ցուցաբերէ ամէն գուրգուրանք։ Բայց այս ամէնով հանդերձ չի կրնար իրականութենէն խուսափիլ` իր անցեալի կեանքը տակաւին ամրօրէն իր ներաշխարհին մէջ կը տիրապետէ։ Վերջապէս, Պոհճալեանի վերոյշեալ այս գիրքը պատմութիւնն է արկածախնդրութեան մը կապուած անցեալին եւ մեծ աղէտի մը հետեւանքով։ Հեղինակը կը կարդայ բաժիններ իր գիրքէն։
Հեղինակին գործերը թարգմանուած են 25 լեզուներով եւ անոնցմէ երեքը` վերածուած են շարժապատկերի։
Ամերիկեան գրական մամուլը բարձրօրէն գնահատած է Պոհճալեանի գործերը, ինչպէս «Տհը Ուաշինկթըն Փոսթ Պուք Ուըրլտ» կը գրէ. «Պոհճալեան վարպետ է եւ իր գիրքերը կը կարդացուին մինչեւ իրենց աւարտը, անքուն պահելով ընթերցողը մինչեւ առաւօտ»։ Կամ «Տհը Նիւ Եորք Թայմզ Պուք Րիվիու» ուր կը կարդանք. «Հազուագիւտ հեղինակներ միայն կրնան տիրապետել նիւթին` գրուած Պոհճալեանի նման վայելչութեամբ եւ ուժգնութեամբ»։
Գիրքը ձօնած է ան Ճենի Ճեքսընի եւ Խաչիկ Մուրատեանի, որու հետ Յուլիսի աւարտին պիտի այցելէ Պատմական Հայաստան` հաւաքելու նոր նիւթեր Ցեղասպանութեան դարադարձին յանձնելու իր նոր հրատարակելի գիրքին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւ Եորք