ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
-Ողբացեալ Ժիրայր Դանիէլեանի յիշատակին-
Աշնան քամին դարձեալ փչեց մեծ ուժգնութեամբ եւ պատճառեց տխուր ու ցաւցնող տերեւաթափ..: Քամիի ընտրած թիրախին դիմաց դժբախտաբար միշտ ալ անուժ է մարդ արարածը, քանզի ան ունի նախախնամութեան անսպասուած ու զարմացնող կնիքը, որ կը մնայ ու պիտի մնայ մինչեւ վերջ՝ անհասկնալի: Ինչո՞ւ համար է այս եղանակին փոթորկոտ ու սրտայոյզ վազքը արդեօք, որ կը թակէ դուռ ու պատուհան եւ կը թափէ տաք կարկուտ մեր գլխավերեւ ու տրամադրութիւններու վրան, բերելով մերժելի գոյժ, անողոք ցաւ, որուն չենք սպասեր, չենք հաւատար, բայց քամիի աւերէն ետք ակամայ եւ յուսահատ կ’ենթարկուինք ու կ’ընդունինք զայն, բարձրաձայնելով.
-«Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է Աստուած..»:
Ժիրայր Դանիէլեան: Հաճընցի փռապան ու հացագործ մարդու մտաւորական զաւակ: Երէկ տակաւին Լիբանանի հաճըն թաղամասի նեղլիկ ու փոշոտ փողոցներուն մէջ վազվզող երբեմնի մանուկ… ու ապա, տարիներու թաւալքէն ետք՝ լուրջ մտաւորական..: Երիտասարդ տարիքին շնչած՝ Գրական Շրջանակի, Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մտերմիկ ու ազգաւանդ մթնոլորտը, եւ շնորհիւ իր աշխատասիրութեան ու ջանքերուն, դարձած՝ մատենագէտ, ուսուցիչ, խմբագիր եւ կրթական տնօրէն:
Հայ մամուլի հանդէպ անոր ունեցած խոր հետաքրքրութիւնը՝ «Երիտասարդ Հայ»-էն մինչեւ «Շիրակ» ու «Կամար», զինք մղեցին, որպէսզի դառնայ լուրջ հրապարակագիր, հուսկ ապա՝ խմբագիր, կամրջելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի գրականութիւնը եւ գրողներն ու արուեստագէտները: Լրագրական ու մտաւորական աշխատանքին գնահատելի արգասիքն էր պաշտօնավարութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ներս, որպէս պատասխանատու՝ Հայագիտական դասընթացքներու: Շնորհիւ իր ջանասիրութեան, եղաւ սիրուած ու յարգուած անուն՝ թէ Սփիւռքի եւ թէ Հայրենիքի մէջ: Ան դեռ պիտի շարունակէր մնալ աշխոյժ մտաւորական հայ իրականութեան մէջ, եթէ 2020 թուականին պատահած Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը չխլէր անոր մէկ աչքին լոյսը… որուն շարունակութիւնն է այսօրուան խաւարումը..:
Օրին, գիտէինք, եւ ուրախացած, որ ան գացած էր աշխարհի ամէնազարգացած երկիրը՝ Միացեալ Նահանգներ, ճար մը գտնելու վնասուած աչքին եւ կը սպասէինք բարի լուր, ուրախ աւետիս… յոյսի հետ նաեւ աչքի լո՜յս…: Բայց ինչո՞ւ այս ցնցող ապտակը Ժիրայր: Ինչո՞ւ այս կողակից, ընտանիք, զաւակներ, թոռներ, հարազատներ ու բարեկամներ որբացնող վիշտը: Բայց մանաւանդ ինչո՞ւ այս անսպասուած մեծ ու տխուր անիմաստ վերջակէտը, որ եկաւ պեղելու իմ մէջ քնացած հինգտասնամեակներու ծանօթութեան յիշատակարանին դուռը..:
Ինչուները պիտի մնան միշտ ալ անպատասխան..: Ինծի եւ շատերու համար անլոյծ հանելուկ է Մարդկային սկիզբն ու մարդկային վախճանը: Ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ ալ երկրորդը մեր կամքով է: Արցունք ու լաց եւս անօգուտ են: Կարելի է միայն կշռել ետեւ մնացածը… ետեւ թողուածը, կամ ցանածդ՝ մարդկային սիրտերու, հոգիներու եւ կեանքի արահետներուն վրան: Այդ տեսակէտով, ծանրակշիռ է Ժիրայրին ձգած աւանդը:
-Հողը թեթեւ գայ վրադ, Ժիրայր: