ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
«Երանի թէ Լիբանանի մէջ ամէն բան այս քնեֆէին նմանէր»:
Այսպէս շնորհակալութիւն յայտնեցի սպասարկող մանկամարդուհիին, որ նախաճաշ կը մատուցէր Պէյրութէն դէպի Ժընեւ լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան ճանապարհորդութեանս ընթացքին:
Այսքանը` որպէս դրական պատկեր:
Անկէ անդին …
Թերեւս ափրիկեան ափերէն ստրուկները դէպի նաւ փոխադրող ծովահէնները կամ պատերազմական գերիներ առաջնորդող յաղթական զինուորներու վերաբերմունքը աւելի ազնիւ եւ մարդկային պիտի ըլլար, քան` Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդունման սրահի մթնոլորտը, որ անկազմակերպութեան մրցանիշի եւ խայտառակութեան նոպէլեան մրցանակի կ՛արժանանար:
Լիբանանի տնտեսական ծանր վիճակին պսակումը վառելանիւթի տագնապը հանդիսացաւ անցնող օրերուն: Ուստի նախօրօք դէպի օդակայան փոխադրող թաքսին ապահովելով ու առաւօտեան կանուխ ժամերու ելեկտրական ընդհատումը նկատի ունենալով, կէս գիշերին պայուսակներս կառատուն իջեցնելէ ետք, այլեւս կրնայի քանի մը ժամ աչքերս փակել:
Թռիչքէս երեք ժամեր առաջ չորս օդանաւերու շուրջ վեց հարիւրի հասնող ճամբորդներ շարքի կեցած էինք, երկու տոմարկղներու դիմաց, ուր check-in-ի գործողութեան հսկող պատասխանատուներ մերթ ընդ մերթ կու գային իրենց ծառայութիւնը մատուցելու «ընտրեալ» ճամբորդներուն:
Երեք ժամեր ետք պորտինկ փեսին տիրացայ, ակնթարթի մէջ ինքզինքս գտայ օդանաւին դրան առջեւ, արդէն կէս ժամ անցած էր թռիչքի որոշուած ժամէն: Մուտքին ժպտերես մանկամարդուհին տեղեկացուց, որ վերջին աթոռին պէտք է հասնիմ:
Հինգ ամիսներ առաջ համացանցի վրայ ապահոված աթոռս նախորդ գիշեր կրկին ստուգած եւ հաստատած էի:
Ձայնս կանխեց զիս եւ օդաչուի խցիկի բաց դրան առջեւ բողոքի պոռթկումս հասաւ ինծի յատկացուած աթոռին, երեք ժամ ոտքի կենալէն յառաջացած յոգնութիւնս չէր բաւեր, այս ալ` որպէս համեմ, առարկեցի եւ վճռեցի կեցած տեղս նստիլ:
Ապահովութեան հսկիչ երիտասարդը ներկայացաւ եւ սպառնաց, որ թռիչքի ուշացումին պատճառ կը հանդիսանամ, ցոյց տալով օդանաւ բարձրանալու տոմսիս վրայ արձանագրուած թիւը` 159, հաստատելով, որ ամբողջ հարցին պատճառը իմ ուշացումս է, սպառնալով զիս դուրս հանել օդանաւէն…
Վերջին արարը շարունակուեցաւ Ժընեւի օդակայանին մէջ:
Դասապահէն ուշացած աշակերտի նման` օդանաւէն դէպի ճամբորդներու ելքի սրահ առաջնորդող հանրակառքին մէջ պահեցին մեզ, հոս «ընտրեալ»-ներ չկային, էջք կատարող օդանաւերու հերթի խանգարումի պատճառ չհանդիսանալու համար կրկին անգամ Պէյրութի ուշացումին պատիժը կրեցինք:
Ժընեւ