Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի նիստը, որուն մէջ Ռուսիոյ միջնախարարական պատուիրակութիւնը ղեկավարեցին արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքոն եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Ալեքսանտր Ֆոմինը: ՕԹԱՆ-ը ներկայացուցին դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկն ու դաշնակից երեսուն երկրի ներկայացուցիչները:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած հանդիպումը շարունակութիւնն էր 9-10 յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններուն: Այլ խորհրդակցութիւններ նախատեսուած են ԵԱՀԿ-ի հարթակին վրայ:
Նիստի աւարտէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ իբրեւ ձեռքբերում յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ-ը մտադիր է Մոսկուայի մէջ իր ներկայացուցչութեան աշխատանքին վերսկսիլ:
Ան նաեւ ընդգծեց, որ դաշինքը հետաքրքրուած է Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ ռուսական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան վերականգնումով, եւ Ռուսիան մտադիր է ատիկա կատարել:
«Մենք երկխօսութեան կը հաւատանք: Մեզի առարկայական երկխօսութիւն պէտք է», ըսաւ ան:
Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ քննարկելու զէնքերու փոխադարձ սահմանափակումը, հրթիռներու տեղակայման ու հիւլէական քաղաքականութեան հարցերը:
«Դժուար քննարկում էր, սակայն ճիշդ այդ պատճառով ալ այս հանդիպումը այդքան կարեւոր էր», յայտարարեց դաշինքին ընդհանուր քարտուղարը:
ՕԹԱՆ-ի անդամներուն եւ Ռուսիոյ միջեւ այդ հարցերուն շուրջ լուրջ տարակարծութիւններ կան: Սթոլթենպերկ ըսաւ, որ տարակարծութիւնները դիւրին պիտի չըլլայ յաղթահարել, սակայն դրական նշանը այն է, որ ՕԹԱՆ-ի բոլոր դաշնակիցները եւ Ռուսիան մէկ սեղանի շուրջ նստած են եւ քննարկած ըստ էութեան հարցեր:
Ան նշեց, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն այլ հարցերու շարքին քննարկուած է Ուքրանիոյ հարցը` միեւնոյն ժամանակ մատնանշելով կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող լուրջ տարակարծութիւնները: ՕԹԱՆ-ի անդամները միակարծիք են, որ Ռուսիան չի կրնար վեթօ դնել Ուքրանիոյ` դաշինքին անդամակցութեան վրայ, եւ պատրաստ են աջակցելու Քիեւին: Ան նշեց, որ ՕԹԱՆ-ի հաւաքական պաշտպանութեան երաշխիքները չեն տարածուիր Ուքրանիոյ վրայ:
«Բոլոր անդամները միակարծիք են, որ իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունք ունի իր ճամբան ընտրելու: Դաշնակիցները նաեւ համաձայն են, որ միայն Ուքրանիան եւ դաշինքի 30 անդամները կրնան որոշել, թէ Ուքրանիան ե՛րբ պատրաստ պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալու», ըսաւ դաշինքին ընդհանուր քարտուղարը:
Ան նշեց, որ Ուքրանիան չի կրնար սպառնալիք ըլլալ Ռուսիոյ` հզօր հիւլէական տէրութեան համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուենտի Շըրմըն, որ երկուշաբթի օր Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններուն կը գլխաւորէր ամերիկեան պատուիրակութիւնը, յայտնեց, որ Պրիւքսելի մէջ ռուսական կողմէն որեւէ նոր բան չէ լսած:
Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ հիւլէական զէնքի տէր Ռուսիա մը սպառնալիք կը նկատէ իր շատ աւելի փոքր եղող դրացին եւ իսկական զինամթերքով ռազմափորձեր կը կատարէ անոր սահմանին վրայ:
«Ատիկա ինչո՞ւ է: Ներխուժումի՞ կը վերաբերի: Ահաբեկո՞ւմ է: Քայքայիչ ըլլալու փո՞րձ է: Չեմ գիտեր, սակայն դիւանագիտական լուծումներ ձեռք ձգելու չի նպաստեր», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրուշքօ աւելի ուշ անջատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր կարգին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ը կը փորձէ «սանձել» Ռուսիան:
«Կ՛ուզեմ ըսել, որ քննարկումները անկեղծ, ուղղակի, խոր եւ համապարփակ էին: Սակայն նոյն ատեն հիմնական հարցերուն մէջ մեծաթիւ տարակարծութիւններ ի յայտ բերին», նշեց ռուս դիւանագէտը:
«Եթէ ՕԹԱՆ-ը սանձումի քաղաքականութեան դիմէ, ապա մեր կողմէ հակասանձումի քաղաքականութիւն պիտի ըլլայ: Եթէ արգիլում կայ, ապա հակաարգիլում պիտի ըլլայ»:
Կրուշքօ նաեւ ակնարկեց, որ Ռուսիան առայժմ յաւելեալ դիւանագիտութեան դուռը չի փակեր: