ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Թէեւ վերջին տասնամեակներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք, սրբանկարչութիւնը որոշ զարգացում ապրեցաւ թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի տարածքին, այնուամենայնիւ, մեր եկեղեցիներէն քիչեր միայն բախտը ունեցած են օժտուելու բարձրորակ սրբանկարներով: Այդ քիչերէն է Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին, որ վերջերս համալրուեցաւ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը պատկերող գեղեցիկ սրբանկարով մը: Հեղինակը` Պերճ Չաքըճեան, ինքնատիպ ու տաղանդաւոր գեղանկարիչ մըն է, որուն արուեստը արդէն իսկ սկսած է գնահատուիլ, յատկապէս` Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Հոս կ՛ուզենք յստակացնել, որ քրիստոնեայ աշխարհը կ՛օգտագործէ այլակերպութիւն սուրբգրային անուանումը, որ սխալ չէ: Սակայն մենք` հայերս միակ ժողովուրդն ենք, որ պայծառակերպութիւնը եւս կը գործածենք ու կ՛առնչենք նաեւ հեթանոսութենէ աւանդուած Վարդավառի տօնին հետ: Նախընտրելի է պայծառակերպութիւն բառը, որովհետեւ իր բովանդակութեամբ աւելի կը համապատասխանէ այս հրաշքին, քանի որ Քրիստոս ոչ թէ դուրսէն լուսաւորուեցաւ, այլ ինք պայծառացաւ ու սկսաւ լուսաւորել ողջ շրջապատը նաեւ: Գնահատելէ ետք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աստուածահաճոյ ձեռնարկը, ցանկալի է, որ մեր միւս եկեղեցիները եւս հետեւին նոյն օրինակին:
Կիրակի, 11 ապրիլ 2021-ին, Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս ս. պատարագի կատարուեցաւ օծումը այլակերպութեան պատկերի, որուն նկարիչն է տաղանդաւոր արուեստագէտ Պերճ Չաքըճեանը: Պատկերը օծուեցաւ ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին` Բաբգէն արքեպիսկոպոսի: Անիկա պատուիրուած էր ի յիշատակ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1950-ականներու սաներէն Վարդավառ Չարփանաճեանի, նուիրատուութեամբ` Գայեանէ Պոտրումեանի:
Չաքըճեանէն եկեղեցին ունէր երկու այլ պատկերներ եւս. մին Քրիստոսի մկրտութիւնը, միւսը` յարութիւնը ներկայացնող:
Ծանօթ է, որ այլակերպութեան դէպքը նկարագրուած է աւետարաններէն երեքին մէջ` Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի:
Օծուածը լուսաւոր, ջինջ եւ ոճաւոր պատկեր մըն է: Անիկա երկուքի կը բաժնուի. բարձունքէն քիչ վար` Յիսուսի երեք աշակերտներ, որոնցմէ մէկը գետին ինկած է, միւս երկուքը իյնալու վրայ են. հակառակ պահուան ահին` անոնց դէմքերը անդորր են: Այս կերպարները նրբօրէն նկարուած են: Վերեւ` կեդրոնին Քրիստոսն է, մեղմ ամպի մէջ, ճառագայթուն, երկու կողմը` Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները: Ասոնք ալ մեղմ ամպով ծածկուած են, նաեւ` ամպի ծուէններով: Քրիստոսի վրայ տարածուած է խիտ, թեւաւոր ամպ մը` որպէս խորհրդանշան Աստուծոյ ներկայութեան: Այլակերպութեան պատկերը. խորհրդաւոր է, բայց` անմիջական ու պարզ:
Ս. Յ.