Փետրուար 21-ին «Մայրենիի օրուան» նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ շարք մը անուանի մտաւորականներ, նախարարութեան աշխատակիցներ, սուրիահայ երեխաներ այցելեցին Օշական:
Մայրենիի խորհուրդը, նշանակութիւնն ու կարեւորութիւնը մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը իւրայատուկ կերպով կ’ընկալէր: Ստորեւ կը ներկայացնենք ձեռնարկի մասնակիցներէն մի քանի հոգիի օշականեան խոհերը…
«Մայրենին ես եմ…»
Սուսաննա Աբազեան–Հայերէնի մասնագէտ
– Մայրենին ինծի համար լոյս է, հենք է, շունչ է, մայրենին ես եմ, իմ ժողովուրդն է, իմ Հայաստանը, իմ երկիրը, մայրենին մենք ենք, որ կանք:
Կրկին աղօթք, կրկին օրհնանք, կրկին ծնրադիր վերաբերմունք այն մայրենիին, որով խօսած են մեր նախնիները, մաշտոցեան այն ոսկեղինիկ լեզուին, որով մենք հայ մնացինք:
Պատահական չէ, որ զօրքէն ետք միշտ ալ լեզուն մարտադաշտ կը հանեն, եւ այն, ինչ չեն կրնար զօրքն ու զէնքը ընել, լեզուն կ’ընէ:
Այս տօնը ձօն է մայրենի լեզուին, մեր պարտքն է, մեր ամէն օրն է:
«Մայրենին մեր կեանքն է…»
Տիրանուհի Մարգարեան–Կարապետեան–սուրիահայ ուսուցչուհի
– Մայրենին մեր էութիւնն է, մեր կեանքն է: Չեմ կարծեր, որ հայն առանց հայ գիրի ու գրականութեան լիարժէք հայ կրնայ ըլլալ: Ոչ միայն հայրենիքի մէջ, այլեւ օտար ափերու վրայ մենք դարերով պահպանած ենք մեր մայրենին, ծծած մօր կաթի հետ: Ուր ալ որ ըլլանք, ինչ ալ պատահի, մենք պէտք է գոյատեւենք միմիայն մեր մայրենիով, հայկական ոգիով, հոգիով ու մեր հայրենիքով:
«Մայրենին մեր պաշտպանն է…»
Զոհրապ Այվազեան-սուրիահայ աշակերտ
– Մայրենին մեր պաշտպանն է. եթէ չըլլար, հայկական գաղութ չէր ըլլար Սուրիոյ մէջ, եւ մենք չէինք կրնար մեր գաղութը, մեր լեզուն, մեր եկեղեցիները պաշտպանել:
«Մայրենին մեր օրհնանքն է…»
Ժանին Սէյրադարեան– սուրիահայ աշակերտ
– Սուրբ, օրհնուած լեզու է մայրենին: Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը այսքան տարի պահպանած են ու փոխանցած մեզի: Մենք եւս պարտաւոր ենք պահպանել այն ու չմոռնալ:
«Մեր հպարտութիւնն ու ցաւն է…»
Սուրէն Դանիէլեան– Խ. Աբովեանի անուան ԵՊՄՀ հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ, «Սփիւռք» գիտակրթական կեդրոնի տնօրէն
– Խոհերս կրնամ բաժնել երկու մասի: Հպարտութիւն հայերէնի համար… Այսօրուան մեր հաւաքը կը խորհրդանշէ մեր նուիրուածութիւնը արեւմտահայերէնին, եւ շնորհակալ ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, որ այդպիսի կոչով հանդէս եկաւ: Բայց միաժամանակ կ’առաջացնէ տխուր խորհրդածութիւններ, որովհետեւ հայերէնը գահավէժ է, կը գլորուի, եւ հայերէնի միջուկը չենք կրնար պահել ու պաշտպանել: Մեր հասարակութիւնը լեզուի, մշակութային աշխարհի ընկալման շատ ու շատ հանգոյցներու մէջ երկատուած է: Մենք երբեմն արեւելահայերուս ընտանի միջավայրի մէջ արեւմտահայերէնի նկատմամբ կը զգանք իբրեւ աւագ եղբայր: Մինչդեռ այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Եւ ես կը ցանկայի, որ Հայաստանի մէջ առաջին հերթին մենք մտածենք արեւմտահայերէնի գրամշակութային հզօր դաշտի տարածուածութեան մասին: Մտածենք մեր դասական ուղղագրութեան, մէկ միասնական ուղղագրութեան, գրութեան վերադարձի մասին: Մենք խորհելու շատ բաներ ունինք, ժամանակի առջեւ մեր կոչումը այնքան կարեւոր չէ, որքան մեր գիտակցութիւնը:
Հայկանուշ Մեսրոպեան, բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու, դասախօս, Լեզուի ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող
– Մայրենիի տօնը շատ կարեւոր է. իւրաքանչիւր անհատ այդ օրը հոգեբանական պատասխանատուութիւն կը զգայ իր մայրենի լեզուի հանդէպ: Մենք մեզ որպէս ազգ, որպէս հայ առաջին հերթին կը ճանչնանք մեր լեզուի շնորհիւ: Եթէ մարդ չի գիտեր իր մայրենի լեզուն, ան պատնէշուած է իր ազգային պատկանելութենէն: Այն հայը, որ իր մայրենի լեզուն չի գիտեր, օր մը մայրենին պիտի գայ, բախելով անոր դուռը պիտի ըսէ` ես քուկդ եմ, ես եկած եմ, ու ան պիտի երթայ դէպի իր խորհրդանիշ-մայրը:
Լուսինէ Աբրահամեան