Հովանաւորութեամբ Հայկազեան համալսարանին, գործակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովին ծիրին մէջ, որ սկիզբ առած էր չորեքշաբթի, 14 մայիսին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով արտասանեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի հանգրուանին մէջ, եւ ցեղասպանը կը ցուցաբերէ աշխուժ գործունէութիւն, հայութիւնը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ծառայեցնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման` ներազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: