ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուրբաթ օր, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ քննեց երկու երկրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խմբակի գործունէութիւնը։
Աւելի կանուխ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ռուս-ատրպէյճանական տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին, Օվերչուք յայտնեց, թէ աշխոյժ աշխատանք կը տարուի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ:
Ըստ անոր՝ այսօր տնտեսական միութիւնը կը վերածուի առանձին մեծ տարածաշրջանի մը, ուր արդիւնաբերութեան եւ ապրանքներու մատակարարման միասնական համակարգ կը ձեւաւորուի: Օվերչուք ընդգծեց նաեւ, որ ԱՊՀի երկիրներու տնտեսական զարգացումը տեղի կ՛ունենայ տարբեր կշռոյթներով` նկատի ունենալով անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը: