«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ օտարազգի գրողներու, հեղինակներու վկայութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Ֆրանսացի բանաստեղծ, հրապարակախօս, հայ ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ Փիեռ Քիառ երկար տարիներ ապրած է Կ. Պոլսոյ մէջ: Ականատես եղած է 1895թ.-ի Կ. Պոլսոյ հայկական կոտորածներուն: «Aurօre» թերթին մէջ հրապարակած է յօդուածաշար` «Մեծ մարդասպանը» խորագիրով: 1903-ին անոր եւ դը Փրեսանսէի նախաձեռնութեամբ Պելճիգայի մէջ կազմակերպուած է Եւրոպայի հայասէրներու առաջին վեհաժողովը, որուն ժամանակ, բացի Փիեռ Քիառէն ելոյթներ ունեցած են տը Փրեսանսեն, Ժ. Ժորեսը, յայտնի արձակագիր տիկին Սեւրին եւ ուրիշներ:
Ժողովի նախօրեակին Փ. Քիառ հրապարակած էր «Հայաստանի համար» գրքոյկը, ուր ան բացայայտած է այն բազմազան վարչական եւ զինուորական միջոցները, որոնցմով Թուրքիան վերջնականապէս փորձած է բնաջնջել հայերը:
Կը ներկայացնենք Փիեռ Քիառի նամակը սուլթան Ապտուլ Համիտին («Դրօշակ», 1899, N 10, էջ 156) եւ հայութեան ուղղուած ուղերձը (Եւրոպացիներու կարծիքը Հայկական դատի մասին», Բ տպագր., 1908, էջ 9-10):
ՆԱՄԱԿ ՄԵԾ ՄԱՐԴԱՍՊԱՆԻՆ
Ո՜վ դու Ապտուլ Համիտ.
Դուն բարեհաճեցար հրաման արձակելու, որ մեզի դատեն* Paris-en- Parisis պատուարժան ատեանին մէջ: Մենք երախտագէտ ու պարտական ենք քեզի, որ հնարաւորութիւն տուիր մեզի լիովին հրապարակելու այն մարդասպանութիւններու եւ կոտորածներու մասին, որոնց համար դուն արդէն արժանացած ես կարմիր գազան անուան: Չենք կրնար ստիպուած լռել քու այժմեան չարագործութիւններուդ մասին:
Դուն քու դեսպանիդ բերնով կը յայտնես ամբողջ աշխարհին, որ քու աներորդի Մահմուտ փաշան խելագար է, որ ան փախցուցած է իր կնոջ անչափահաս տղաները եւ որ, վերջապէս, խաբէութեամբ փող կորզած անգլիական ընկերութենէ մը` ցոյց տալով` իբր թէ մօտդ մեծ վարկ ունի:
Բոլորն ալ սուտ են, ո՜վ Համիտ. Մահմուտ փաշան խելագար չէ, ան պարզապէս ազատամիտ է, անոր փախցուցած անչափահասները երկուքն ալ ամուսնացած են եւ ընտանիքի հայր, իսկ ինչ կը վերաբերի մօտդ որեւէ վարկ ունենալուն եւ անով պարծենալուդ, ան այդ չէր կրնար ընել, դուն շատ լաւ գիտես, որ ան միակն էր քու աներորդիներուդ մէջ, որ մէկուկէս տարիէ ի վեր չէր համաձայնիր գալ սելամլիքներուն, եւ որ ան իր այդ արիասիրտ բացակայութեամբ բաւական պարզ կը վկայէր քու հանդէպ ունեցած իր արհամարհանքը: Ուրիշ բան մը եւս. Մահմուտ փաշան առաջինը չէ, որ կը փախչի քեզմէ: Քու զոհերէդ ուրիշ մէկն ալ եկած է Փարիզ` տիկին Ջեքիէ հանըմը, որուն ամուսինը` Իսմայիլ պէյ, եօթ ամիս առաջ բանտարկուած է, որովհետեւ բացայայտած է մարշալ Զերի փաշայի կաշառակերութիւնը: Երբ ֆրանսական դեսպանատան թարգմանը միջամտեց եւ արդարութիւն պահանջեց, դուն պատասխանեցիր. «Չեմ սիրեր Ւսմայիլ պէյը»: Պատահաբար այդ անգամ դուն ճիշդ խօսեցար, դուն կը գերադասես Զեքի փաշային` վարձկան մարդասպանին, որ վերջերս աւերեց Սասունը եւ Կելիէկուզանի՛ մէջ երկու հարիւր անզէն հայերու քշեց անոնց համար պատրաստուած փոսը: Զեքին անոնց հրապուրած էր խոստումներով եւ ապա հրամայած զինուորներուն անոնց կոտորել սուրերով ու սուիններով: Դարձեալ ուրիշ բան մը. Դիբրացիք Մակետոնական սարերուն մէջ կ’ապստամբին, թերեւս ինչպէս 1879-ին, ուղարկես անոնց դէմ ամբողջ զօրաբանակ մը, ջնջես անոնց կամ կալանաւորես անոնց պետերը, ինչպէս ըրաւ այն ժամանակ Տերուիշ փաշան: ժամանակը ամէնեւին յարմար չէ այդպիսի գործերու համար, բանդ բուրդ է, բարեկամ, մուսուլման հպատակներուդ համար ալ նոյնքան անտանելի, նոյնքան զզուելի դարձած ես, որքան քրիստոնեայ հպատակներուդ համար:
Վերջապէս, ի ուրախութիւն քեզի` Վանի եւ շատ այլ վայրերու մէջ սովը աւելի խիստ է, քան անցեալ տարի, կը վերջացնէ քու աւերման գործը: Ես ատոր մասին կը խօսիմ ուրիշ անգամ, եւ դուն ի զուր տեղ չես սպասեր, կրնաս բոլորովին վստահիլ ինծի, որովհետեւ ես միշտ կ’աշխատիմ ըլլալ բարեխիղճ պատմագիրը քու արիւնաշաղախ անասնութեան:
ՈՒՂԵՐՁ ՀԱՅԵՐՈՒՆ
Ապտուլ Համիտ Կարմիր գազանը իր կայսրութեան բոլոր ցեղերուն կը ճնշէ գարշելի կեղեքումով մը, բայց իր վայրագութիւնները մասնաւոր կերպով ի գործ կը դնէ հայերուն վրայ:
Հակառակ ջարդերուն, խմբովին բանտարկութեան եւ տարագրութիւններուն, կազմակերպուած սովին, անթիւ հալածանքներուն, դուք վճռած էք չդադրեցնել կռիւը այդ մարդուն դէմ, որ իր հպատակներուն համար ոչ մէկ յոյս չի ձգեր բացի յեղափոխութենէն:
Քաղաքակիրթ կոչուած ժողովուրդներու կառավարութիւնները եղան ձեր դահիճի մեղսակիցն ու ծառաները` իբրեւ վարձ ստանալով առեւտրական արտօնութիւններ ու շքանշաններ: Այդ բոլոր երկիրներուն մէջ ձեզի թեւ ու թիկունք են սրտի մարդիկ եւ յեղափոխականները, որոնք կը մերժեն մասնակցելու իրենց տէր ու թշնամի վարիչներու պաշտօնական խաղք֊-խայտառակ գործերուն:
Մենք մեր բոլոր ուժերով ձեզի հետ եւ ձեզի համար պիտի շարունակենք Մեծ մարդասպանի դէմ կռիւը` խօսքով ու գրիչով, իսկ երբ ժամը գայ` նաեւ գործով:
Ես ձեզմէ մէկը եղայ այն օրուընէ, երբ Արեւելքի մէջ երկար բնակութեան բերումով ականատես եղայ ձեր ժողովուրդի նահատակութեան.
Վստա՛հ եղէք, որ ապագային ալ պիտի չթերանամ մարդկային եւ յեղափոխական համերաշխութեան իմ պարտքը:
6 Հոկտեմբեր 1899, Փարիզ
Յ.Գ. Նիւթը վերցուած է Ալպերթ Իսոյեանի «Սեւ գիրք»-էն (Նշանաւոր օտարերկրացիները թրքական ոճիրներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին):