ՅԱՐՈՒԹ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ -ՊԱՅՔԱՐ 195
Հայասպանութեան վերաբերեալ Աւստրօ-Հունգարական պաշտօնական փաստաթուղթերու ուսումնասիրութեան լոյսին տակ- թիւ 4
Օսմանեան Պետութեան մէջ հայոց բնակչութեան թիւը պակսեցնելու եւ վերջ ի վերջոյ հայ ազգը բնաջնջելու նպատակով, թուրքերը հետամուտ էին հալածելու եւ սպաննելու հայերը: Իրենց այս ոճրային արարքները քօղարկելու համար, թուրքերը ժամանակ առ ժամանակ կը ձեւանային թէ կը հետաքրքրուին ու հայկական նահանգներու մէջ բարեկարգումներ գործադրելու ծրագիրը կ’արծարծեն, պարզապէս փոշի ցանելու համար արտաքին աշխարհի՝ Ռուսիոյ եւ եւրոպական երկիրներու պատասխանատուներու աչքերուն, որոնք իրենց շահերէն ելած ըստ կամս մօտէն կը հետաքրքրուէին հայկական հարցով:
Վիեննաբնակ պատմաբան դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան հայկական հարցը կը քննարկէ «Հայակական Բարենորոգումները» խորագրին տակ (էջ 74-98) իր հեղինակած «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագիրով անգլերէն գիրքին հինգերորդ գլուխին մէջ (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ): Այս գիրքը անգլերէն ամփոփ ներկայացումն է հեղինակին հրատարակած 12 հատորնոց գերմաներէն աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը, որ 1995-էն 2011 տարիներու ընթացքին անոր ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պատմական պաշտօնական փաստաթուղթերը կ’ընդգրկէ:
Աւստրօ-Հունգարիոյ Կ. Պոլսոյ դեսպանը՝ Փալավիչինի, 7 Դեկտեմբեր 1912 թուագրեալ իր զեկուցումին մէջ կը հաստատէ վերոյիշեալ իրողութիւնը, թէ թուրքերը յարատեւօրէն հայերը կը հալածեն ու կը սպաննեն: Ան կը գրէ. «Ըստ Կարինի մէջ ապրող աւստրօ-հունգարացիի մը տեղեկութիւններուն, քսան օրեր առաջ քաղաքին մահմետականները քրիստոնեաներուն դէմ լարուած էին: Թէեւ կառավարութիւնը ձեւով մը զսպած էր թուրքերն ու քիւրտերը, սակայն հաստատ էր թէ 10 օր առաջ, նոյն այդ կառավարութիւնը մեծ քանակութեամբ քարիւղ բաժնած էր մահմետականներուն, անով քրիստոնեաներուն տուները եւ խանութները հրկիզելու համար: Քաղաքին կառավարիչը [բացառաբար- Յ. Ի.], խաղաղութիւն կ’ուզէր: Քաղաքին քրիստոնեայ բնակչութիւնը տակաւին կը վախնար ջարդերու ուրուականէն: Կ’ըսուի թէ ամէն ոք զինուած է» (էջ 75):
Նոյն ամսուն վերջաւորութեան՝ 31 Դեկտեմբեր 1912-ին Փալավիչինի իր պետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կը զեկուցէ՝ հայկական բարենորոգումներու նկատմամբ Օսմանեան Պետութեան վարչապետին եւ այլ պատասխանատուներու շտապ գործունէութեան մասին, ըսելով. «Կասկածէ դուրս է թէ թրքական կառավարութիւնը հայկական բարեկարգումները կը քննարկէ ներկայ պայմաններու ճնշումին տակ: Կառավարութիւնը նոյնքան մտահոգ է նաեւ եւրոպական պետութիւններու միջամտութիւններով եւ այդ պատճառով է որ կը քննարկէ հայկական հարցը» (էջ 75):
Թուրքերը նպատակ ունէին հայ ազգը հանգրուան առ հանգրուան բնաջնջել, իսկ մնացեալ հայութիւնը լուծել իրենց մէջ: Այս էր պատճառը որ քանի մը տարին անգամ մը թէ՛ սուլթան Ապտիւլ Համիտ եւ թէ՛ Երիտթուրքերը կոտորածներ կը կազմակերպէին հայոց դէմ, որոնց ամբողջացումը եղաւ Հայասպանութիւնն ու Մուսթաֆա Քեմալի կոտորածները եւ հայաթափումը:
Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան կ’ըսէ. «Այս բոլոր զարգացումներուն ընդմէջէն ակներեւ է Ռուսիոյ եռանդուն մասնակցութիւնը հայկական բարկարգումներու հարցին մէջ: Բան մը որ եւրոպացիներու մտքին մէջ կասկած կ’արթնցնէ, թէ Ռուսիա կը միտի Օսմանեան Պետութեան տիրապետութեան տակ գտնուող արեւելեան Անատոլուն [Հայաստանի արեւմտեան հատուածը- Յ. Ի.] իր հողերուն կցել» (էջ 76): Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ միջեւ այս հակասութիւնը ու նման խոչընդոտներ պատճառ դարձան, որ հայկական նահանգներու մէջ բարեկարգումները գործադրուդութեան չդրուին: Թէեւ եւրոպական եկիրները սուր տարակարծութիւններ ունէին օսմանեան վարչակարգին հետ, սակայն անոնք կ’ուզէին միշտ կանգուն պահել վերջինիս գերիշխանութիւնը իր հողերուն վրայ, Ռուսիոյ կարենալ դէմ դնելու համար: Խորքին մէջ եւրոպացիները դոյզն չափով իսկ չէին մտահոգուած հայոց տառապանքներով կամ թշուառութեամբ: Իրենց սեփական շահն էր որ զիրենք կը հետաքրքրէր: Եւրոպական երկիրները եւ մանաւանդ Գերմնաիա ու Աւստրօ-Հունգարիա ոչ միայն հայոց անկախութեան դէմ էին, այլ նաեւ կը պայքարէին որպէսզի Հայաստանի արեւմտեան հատուածը մնայ Օսմանեան Պետութեան տիրապետութեան տակ, ինչքան ալ որ հայերը թշուառ ու դժբախտ վիճակի մատնուէին:
Փեթերսպուրկի Աւստրօ-Հունգարական դեսպանը Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու նախարարին հետ ունեցած զրոյցէ մը եզրակացնելով կ’ըսէ, թէ ռուսերը թաքուն ծրագիր մը ունին՝ դիւանագիտական կամ ի հարկին այլ միջոցներով, կցելու Հայաստանի արեւմտեան հատուածը Ռուսիոյ հողային տարածքներուն:
Դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան հիմնուեով հայ երեւելիներու եւ օտար դիւանագէտներու կեցուածքներուն եւ մօտեցումներուն վրայ կը հաստատէ, թէ հակառակ բոլոր կարծիքներուն հայոց ուզածը խոստացուած բարենորոգումներու գործադրութիւնն էր Հայաստանի արեւմտեան հողատարածքին վրայ: Հայերը միայն խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն կը տենջային:
Հայկական վեց նահանգներուն մէջ բարեկարգումներ իրագործելու հարցին նկատմամբ հայոց անկեղծ կեցուածքներուն ճիշդ արձագանգ հանդիսանալով, Աւստրօ-Հանգարիոյ Կարինի հիւպատոսը կը հաստատէ. «Հայոց բարեկարգումներու հարցը անկասկած բոլորին մտքերուն մէջ նախապաշարումներ յառաջացուցած է: Հարցուփորձեցի բազմաթիւ հայեր, որոնք քիչ թէ շատ յեղափոխական ոգիով լեցուած են: Անոնք բոլորն ալ պատասխանացին թէ իրենց կեանքերուն ապահովութեան երաշխիք կ’ուզեն Օսմանեան Պետութենէն: Բան մը որ մինչեւ օրս հայերը չեն ստացած: Հայերը կը պահանջեն ոչ միայն Ռուսիոյ այլ ամբողջ Եւրոպայի հովանաւորութիւնը արեւելեան Անատոլուի վրայ: Եթէ եւրոպական երկիրներ մերժեն տալ այդ հովանաւորոթւիւնը, այդ պարագային է որ միայն հայերը պիտի ընդունին ռուսական կայսրութեան հովանաւորութիւնը: Հայոց յարատեւ պահանջքը միայն բարենորոգումներն են» (էջ 77):
Կ. Պոլսոյ բրիտանական դեսպանատան գլխաւոր թարգման՝ Ֆիցմորիս պերճախօս ու խիզախ կերպով կը հաստատէ իր կարծիքը հայկական հարցին նկատմամբ ըսելով. «Պէտք է վերջ դնել Օսմանեան Պետութեան տիրապետութեան հայկական նահանգներու վրայ» (էջ 77): Շարունակելով իր խօսքը ան կ’ըսէ թէ Ռուսիա պէտք է ձեռք առնէ Հյաստանի արեւմտեան հատուածի կառավարումը, ինչպէս որ 1878-ին Պոսնիա-Հերցեկովինայի կառավարումը յանձնուեցաւ Աւստրոյ եւ Եգիպտոսի կառավարումը 1882-ին՝ Բրիտանիոյ: Սակայն եւ այնպէս, այս յայտարարութեան վրայ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին Գործոց նախարարը կը փութայ ըսել, թէ ինք համաձայն չի գտնուիր հայկական նահանգներու վրայ Ռուսիոյ գերիշխանութեան եւ կը հաստատէ թէ իր երկրին քաղաքականութիւնը կը ձգտի պահպանել թրքական գերիշխանութիւնը հայոց վրայ (էջ 78):
1913-ին Բրիտանական Խորհրդարանին մէջ Լորտ Կրէյ ձայն կը բարձրացնէ պահանջելով բարենորոգումներու ծրագիրը գործադրել Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ ըսելով. «Ասիական Թուրքիոյ մէջ հայոց համար բարենորոգումներու հարցը կը հետաքրքրէ բոլոր եւրոպական երկիրները, որոնք շահեր ունին շրջանին մէջ: Բոլորը, նոյնիսկ թուրքերը տեղեակ են այդ շրջաններուն մէջ կատարուող կոտորածներէն, որոնք անխուսափելիօրէն լուրջ հարցեր պիտի յառաջացնեն եւ խիստ մտահոգիչ պիտի դառնան թրքական կայսրութեան համար» (էջ 79):
Ի տես եւրոպացի դիւանագէտներու կեցուածներուն, մօտեցումներուն եւ միջամտութեանց՝ հայկական նահանգներու մէջ բարկարգումներ իրագործելու, ինչպէս նաեւ ռուսական լուծումի առաջարկներու կողքին, Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Հմայեակ եւ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Քէլէկեան, Կ. Պոլսոյ աւստրօ-հունգարական դեսպան Փալավիչինիին յուշագիր մը կը յղեն 1913-ին, որ մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ իր հետաքրքրական ըլլալուն պատճառով: Այդ յուշագիրը բարենորոգումներու խիստ կարիքը կ’ընդգծէ մատնացոյց ընելով թուրքերու կողմէ կատարուող հալածանքներն ու ջարդերը հայոց դէմ: Յուշագիրը կը պարունակէ հետեւեալ պահանջքները.
Ա. Միացեալ հայկական նահանգի մը ստեղծումը արեւելեան Անատոլուի մէջ:
Բ. Ընդհանուր օտար կառավարիչի մը նշանակումը այս նահանգին:
Գ. Հայոց եւ մահմետականներու հաւասար ներկայացուցչութիւն նահանգի խորհրդարանին մէջ:
Դ. Հայերէնը հաստատել իբրեւ պաշտօնական լեզու նահանգի ուսումի եւ օրէնսդրութեան համար:
Ե. Դատական Մարմնի մէջ բարեկարգումներ մտցնել:
Զ. Հայոց պատկանող հողերու վերդարձը իրենց տէրերուն իրագործել:
Է. Եւրոպական հսկողութիւն ապահովել նահանգին մէջ:
Թէեւ հայերը անկեղծ ու պարտաճանաչ գտնուած էին իրենց այս առաջարկներուն մէջ, սակայն Փալավիչինի անոնց մէջ չափազանցութիւն կը գտնէ եւ կը խորհի թէ հայերը ռուսերու կողմէ դրդուած են:
Այս տեսակի զարգացումներ հայկական դատին շուրջ կը շարունակուին 1913-ի ընթացքին եւ 1914-ի առաջին կիսուն: Եւրոպական երկիրներու սեփական շահերու հետապնդման եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի սկսելուն պատճառներով հայկական նահանգներու բարեկարգումներու հարցը կը դադրեցուի, որմէ ետք դէպքերու զարգացման հետ ան ոչ միայն երբեք լոյսին չեկաւ, այլ Երիտթուրքերը պատերազմը պատրուակ բռնելով գործադրեցին նախապէս իրենց ծրագրած Հայասպանութիւնը: