Ծնողք հասկացողութիւնը խորհրդանիշ է մտահոգութեան: Մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի զաւակներու դաստիարակութեան եւ ասպարէզի ընտրութեան:
Արդարացի պայքար, եթէ կ’ուզէք՝ ամենօրեայ գոյամարտ, սփիւռքեան մերօրեայ պայմաններուն մէջ: Արդար իրաւունք, երբ ծնողքը ճանապարհ եւ միջոցներ կը փնտռէ զաւակները ընտելացնելու տեղայնական պայմաններուն: Բնականաբար տրամաբանութիւն եւ նպատակ գոյութիւն ունի այդ մտահոգութիւններուն ետին. առաւելագոյն չափով կեցութեան լաւ պայմաններ ապահովել նոր սերունդին: Ո՞վ կրնայ առարկել վերոյիշեալ մարտահրաւէրներուն դէմ ծնողներու իրաւացի եւ տքնաջան պայքարը:
Սակայն լիբանանեան իրականութեան մէջ հետզհետէ տեղ սկսած է գրաւել մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ կ’ըսէ՝ օտար ափի վրայ ծնած իւրաքանչիւր հայորդի պարտի սորվիլ նախ տեղւոյն լեզուն, ապա՝ հայերէն: Կամ՝ երկուքը միասին: Որպէսզի ապագայ երիտասարդը լաւ տիրապետէ տեղական լեզուին, անհրաժեշտ է վաղաժամ սկսիլ , տիրապետելու տուեալ լեզուն: Իսկ որպէսզի լաւ տիրապետէ՝ անհրաժեշտ է օտար վարժարան արձանագրել հայ մանուկը: Այս տրամադրութիւնը սկսած է ընդհանրանալ յատկապէս վերջին տարիներուն մեր առօրեային մէջ: Երբ օտար վարժարան նախընտրելու մասին հարցում կ’ուղղենք մեր ծնողներուն, մեծամասնութեամբ կը ստանանք հետեւեալ պատասխանները. աշխատանք ճառելու կարելիութիւն եւ փոքր տարիքէն օտար լեզուներ տիրապետելու նախանձախնդրութիւն: Եթէ մանկապարտէզի կամ նախակրթարանի գրասեղաններէն անմիջապէս աշխատանք ճառելու մտահոգութիւն գոյութիւն ունի մեր ծնողներուն մօտ, ըսելիք չունինք….:Համալսարաններու պարագային, մասամբ կը հասկնանք:
Ոչ ոք կրնայ առարկել, օտար բարքերուն տրամաբանականօրէն պատշաճելու մեր ծնողաց մտահոգութեան դէմ: Օտար պայմաններու յարմարիլ եւ լեզուներու տիրապետել խիստ անհրաժեշտ պայմաններ են համայն սփիւռքահայութեան համար: Բայց արդար հարցում մը մեր ծնողներուն՝ միայն օտար վարժարաննե՞րը, աշխատանքի բարւոք պայմաններ կրնան երաշխաւորել մեր զաւակներուն, ծերութեան թոշակը ապահովելու չափ բարւոք…: Ինքնախաբէութեան փորձ պարզապէս..: Այստեղ ինքնաբերաբար պիտի ծագի կարեւոր հարց մը՝ ու՞ր եւ ո՞վ պիտի հաղորդէ անոնց հայեցի դաստիրակութիւնը:
Հայկական կամ օտար վարժարաններու մէջ, պատանիին կազմաւորումը պայմանաւորուած է ենթակային մտային կարողութեան եւ բարոյական դաստիրակութեան չափանիշներով: Ենթակային իմացական եւ բարոյական կարողութիւնները պիտի կազմաւորուին այնպէս , որպէսզի ենթական ըմբռնէ տուեալ պայմանները եւ ունենայ զանոնք դիմագրաւելու, դժուարութիւններուն տոկալու խիզախութիւն եւ պատրաստուածութիւն:
Հայ պատանիին պարագային,վերոյիշեալ արժէքները կու գան մեր ազգային համոզումներէն եւ ընտանեկան բոյնէն: Եւ ի՞նչ հեգնանգ, երբ մենք կը գանգատինք մեզի շնորհուած իմացական եւ բարոյական չափանիշներէն, մինչ օտարներ կը վկայեն հայ ժողովուրդի ընդունակութիւններն եւ կարողութիւնները: Մեզմէ բացակայողը անպայման շնորհքն ու կարողութիւնը չեն, այլ՝ օտար լեզուի տիրապետելու ծարաւը, որ շատերու կարծիքով, կարելի է մանկուց օտար վարժարաններ յաճախելով ձեռք բերել, մայրենի լեզուն բաւարար չափով տիրապետելէ առաջ կամ նոյնիսկ առանց անոր…:
Մեր ծնողներուն համար, կեանքի մէջ յաջողելու չափանիշը օտար վարժարաններ յաճախել եւ օտար լեզուներու տիրապետելն է: Անոնք հաւանաբար կը մոռնան իրենց երէկը: Իրենք նոյպէ՞ս օտար վարժարններու կը պարտին իրենց այսօրուան բարեկեցիկ պայմանները…: Ու՞ր մնաց հայ մարդու, հայ անհատի կազմաւորումը: Հայ պատանիին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու համազգային մտահոգութիւնը: Սիրելի ծնողներ, մի մոռնաք,որ մարդ արարածը միաժամանակ իմացական եւ բարոյական ուժերու խառնուրդ է: Ծաղիկ մը չի կրնար աճիլ միջավայրին խորթ հողի վրայ: Ինչպէս ծաղիկը, այնպէս ալ հայ մանուկը,պիտի զրկուի իբրեւ հայ մտածելու եւ ապրելու միջոցներէն: Նոյնիսկ տարիներ ետք, երբ զգայ իր պատկանելիութիւնը, ենթական պիտի նկատէ, թէ զրկուած կը մնայ հայոց լեզուի շնորհած իմացականութեան եւ ազգային,բարոյահոգեբանական հարստութիւններէն:
Հայ մանուկը միայն հայկական միջավայրի եւ հայ դպրոցին մէջ կրնայ ստանալ հայեցի դաստիրակութիւն եւ կազմաւորել իր հոգեմտաւոր կարողութիւնները: Անոր հնչած առաջին բառերը հայերէն պիտի ըլլան եւ ոչ՝ օտար: Անոր առաջին արտայայտութիւնները, թէկուզ թերի, իր հայ ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն շրջապատին մէջ պիտի ըլլան..:
Մենք, Սփիւռքի տարբեր ափերու վրայ, հայրենի հողէն, ջուրէն զրկուած տարագիր ժողովուրդի մը զաւակները, իրաւունք չունինք նոր սերունդը արմատախիլ դարձնելու հայու արմատներէն: Շատ շատեր կ’արդարացնեն առանց հայեցի դաստիարակութեան օտար վարժարան ղրկելու երեւոյթը: Օր մը փորձա՞ծ ենք թափանցել օտար վարժարան յաճախող հայորդիներու հոգեվիճակին մէջ…: Ինչպէ՞ս արդարացնել. հայու ծնունդ մանուկը, առանց իր ժողովուրդին պատմութեան ու մշակոյթին տիրապետելու, անոր առաքինութիւններով ներշնչելու եւ իբրեւ հայ կազմաւորելու փոխարէն, օտար վարժարան ղրկելու երեւոյթը: Օտար վարժարան յաճախող ենթական ինքնաբերաբար պիտի վարժուի օտար բարքերու: Օտար չափանիշներով, սովորութիւններով խանդավառուած, օտար մշակոյթներու առաջին գիտելիքներով իրենց ծարաւը յագեցուցած պատանիները , ինչպէ՞ս պիտի սիրեն իրենց հարազատ ժողովուրդն ու հայրենիքը, երբ ծանօթ չեն անոր պատմութեան, գրականութեան, երբ հայատրոփ չեն անոնց սրտերը: Տեղ մըն ալ հաւանաբար քննադատեն զիրենք օտար վարժարաններ ղրկած ծնողները:
Օտար վարժարաններ յաճախելու մեր ծնողներուն մտահոգութիւնները պիտի չարդարացնեն անոնց ակնկալութիւնները: Այստեղ, փակագիծնրը քիչ մը լայն բանալով, կ’ուզեմ ընդգծել, թէ հայկական մեր վարժարարններէն շատեր՝ ուսումնական, վարչական, դաստիարակչական առումով բաւական հեռու կը մնան իտէալական դառնալու իրողութենէն…: Բաւական լուրջ աշխատանք ունինք կատարելիք այս ուղղութեամբ: Այսուհանդերձ, այբուբենին ծանօթանալէ առաջ, քանի մը գարուն բոլորած հայ մանուկները օտար վարժարաններ արձանագրելու ծնողներուն ընտրանքը մեղանչում է զաւակին եւ ապա՝ ազգին դէմ: Անհատին օտարացումը սերունդներու օտարացումն է միաժամանակ: Եւ տակաւին… այն անհամեմատելի մեծ զոհողութիւնները որոնք ծնողք յանձն կ’առնեն օտար վարժարաններուն գոհացում տալու նպատակով, անոնց աննշան մէկ մասով նախանձելի պայմաններու կրնան հասնիլ մեր հայկական վարժարանները…: Ի վերջոյ, հայ դպրոցն է, որ պիտի երաշխաւորէ հայ պատանիին եւ անհատին կազմաւորումը , զայն կոփէ մեր ազգային արժանիքներով եւ վառ պահէ հայու ոգին:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ