Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` չորեքշաբթի, 27 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Կոմիտաս» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Պալեանի «Օրդ. Աննայի սէրը, սէրերը… եւ միւսները» գիրքի ներկայացումը:
Բացման խօսքը արտասանեց Սեդա Խտըշեան, որ դրուատեց պարզ լեզուով, հետաքրքրական ու գրաւիչ ոճով, բայց եւ այնպէս խորքային երեւոյթներով եւ զգացումներով լեցուն գիրքը:
«Օրդ. Աննայի սէրը, սէրերը… եւ միւսները» գիրքը հոգեբանական տարբեր մօտեցումներով ներկայացուց եւ վերլուծեց Շաղիկ Գանտահարեան¬Խիւտավերտեան: Ան հետաքրքրական ոճով, դիպուկ ընդհանուր գիծերով եւ հիմնական խորագիրներով ներկայացուց գիրքը, որուն մէջ տիրական տեղ կը գրաւեն տարբեր տեսակի սէրեր, սիրային զգացական վերիվայրումներ: Տարիքի, հասունութեան, ապրելակերպի եւ ընկերային մակարդակի մեծ տարբերութիւն ունեցող 6 այրեր առիթ կ՛ունենան մուտք գործելու օրդ. Աննայի սիրոյ աշխարհին մէջ, հոն պատասխան եւ արձագանգ գտնելու եւ հոնկէ մեկնելու յուսախաբ կամ ոգեւորուած, անաւարտ կամ յարատեւող սիրոյ զգացումներով, դիտել տուաւ բանախօսը: Ան աւելցուց, որ այս յարաբերութիւններուն ընթացքին կը հանդիպինք զգացումներու եւ յոյզերու, որոնք երբեմն անընդունելի են եւ անթոյլատրելի` մեր բարոյական արժեհամակարգին համար, բայց եւ այնպէս անոնք գոյութիւն ունեցած են եւ ունին այսօր: «Եւ հոս կը կայանայ վէպին արժէքներէն մէկը եւ վիպագիրին գնահատելի յանդգնութիւնը` կեանքին ընթացքին նմանօրինակ զգացումներու առկայութիւնը ընդունելու, բացայայտելու, բացատրելու, հիմնաւորելու եւ զանոնք իրենց բնական ընթացքին մէջ անկեղծօրէն ներկայացնելու», նշեց Շ. Խիւտավերտեան:
Ապա բանախօսը հոգեբանական վերլուծումներու եւ այդ մարզին մէջ սիրոյ բացատրութեան եւ բնորոշման ընդմէջէն լուսարձակի տակ առաւ սիրոյ տարբեր տեսակները` զուգահեռներ գծելով գիրքին մէջ անոնց առկայութեան հետ: Բանախօսը նաեւ հաստատեց, որ գիրքին մէջ այս բոլորին կողքին կան նաեւ երկու կարեւոր երեւոյթներ` ընկերութեան մէջ առկայ օրէնքներուն, բարդոյթներուն եւ թապուներուն անդրադարձ, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ ամուսնութեան մէջ, անհատներու ինքնութեան վերաբերող դերին եւ սէրը անխաթար պահելու կարեւորութեան առկայութիւն:
Իր խօսքը եզրափակելով` Շաղիկ Խիւտավերտեան վեր առաւ գիրքին արժանիքներն ու զայն մէկ շունչով կարդալու մղող տուեալները` յատկապէս նշելով, որ անիկա օժտուած է այժմէական խորհուրդներով, իրապաշտ պատգամներով, համապարփակ վերլուծումով, պարզ ու մատչելի մատուցման ձեւին մէջ ունեցած խորքայնութեամբ:
Ապա Սեդա Խտըշեան ընթերցեց «Օրդ. Աննայի սէրը, սէրերը… եւ միւսները» գիրքէն հատուածներ:
Աւարտին իր շնորհակալական խօսքը փոխանցեց գիրքին հեղինակը` Յակոբ Պալեան, որ դիտել տուաւ, թէ վէպը ժամանակի ու տեղի սահմանափակում չ՛ունենար, այլ անիկա կ՛ըլլայ դրսեւորումը հեղինակին մտքին մէջ հասունցած պատկերներուն, զգացումներուն, միտքերուն եւ երեւոյթներու միացումով ստեղծուած դիպաշարին: