ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ
Օրօ՜ր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Պատուհան չկար որ լուսինը շողար
Արեւի շողն իսկ ճանապարհ չունէր,
Քարասիրտ մարդիկ քարին փռած էին ձեզ եօթը ամիսներ:
Դուք չքնացաք վախճանման նիրհով
Ու չհանգչեցաք գիրկին մայրենի,
Երբ քաղաքակիրթ որեւէ երկրի
Անասո՛ւնն անգամ զինք թաղող ունի:
Պապանձեր էին երկինք ու երկիր:
Ձեր ծնողները դուռէ դուռ ինկած
Յուսահատութեան թոյնը մերժելով
Իրենց զաւակին ո՛ւր գտնուիլը,
Ինչպէ՛ս ըլլալը կը պահանջէին
Մարդոցմէ որոնք նենգ ու անտարբեր
Անվարան տուին թոյնը խաբկանքին:
Փետտուած հոգիով ծնողներ անքուն
Կը յիշեն ինչպէս ոչ վաղ անցեալին
Իրենց զաւակին օրօր կ՛երգէին:
Քնի՜ր իմ բալաս: Անէծք այն մարդոց
Որ պատա՛նքի քողն անգամ զլացան,
Ու տոպրակներով յանձնեցին ձեզի խուցի մը խոցին:
Այն ձեռքերը որ արհամարհեցին գոյութիւնը ձեր
Թող փշրափշրուի՛ն վրէժի ապառաժի տակ,
Սիրտերնին ճաշա՛կ ըլլայ գազանի,
Եւ աչքերն անոնց` ձեր մաքրամաքուր հոգին ուրացող
Թող հայոց զարթնած, զայրացած աստուածները փորեն:
Տակաւին կեանքի խնծիղը չվայելած
Ինկաք վիհին մէջ դաւաճանութեան.
Դուք Գաղափարի զինուորագրեալ, ուխտի նուիրեալ
Դեռ չհասկցած ինչո՛ւ էք լքուած ռազմադաշտի մէջ
Երկինքը գոռգոռան յանկարծ խլացաւ:
Օրօ՜ր իմ բալաս, օրօր ու նանի,
Երազ ունէիք, խայտանքի խարիսխ,
Ծնողք ու զաւակ, քոյրեր եղբայրներ
Տաքուկ տուն, ընկեր, դպրոց ու տաղանդ:
Դուք պարծանքի սիւն, ընտանիքի հայր պիտի դառնայիք,
Տապալեցին ձեզ կեանքի լոյս շեմին,
Օ՛ միայն անո՛նք գիտակից էին
Որ պատերազմ չէր այս
Այլ` ծրագրուած սպանդ, պատուհաս,
Պարտութիւն էր ծանր ու անկասելի:
Օրօր իմ բալաս, կը լսե՞ս հիմա
Կինդ կ՛արտասուէ ու մայրդ կու լայ,
Ձագուկիդ աչքը` նկարիդ վրայ,
Հօրդ լռութիւնը ջրվէժ է անձայն:
Քուն եղիր բալաս, անմեղ աչքերով
Սիգապանծ սիրտդ դի՛ր մօրդ կուրծքին,
Թող սուգ մայրիկիդ քու լռած ձայնիդ զեփի՜ւռը հասնի:
Թող արցունքս դողահար հողդ թեթեւցնէ,
Որ վանկ վանկ երգեմ ձեր նիզակահար
Ու կայտռուն կեանքի մահուընէն ետք իսկ
որբացման գոյժը,
Հայատրոփ արեան յաւերժի բոցը:
Հինգ հազար կեանքով ուռած Եռաբլուր,
Իւրաքանչիւրը` բեկուած ապագայ,
Ահա դրօշները կ՛արտասուեն անդուլ:
Մարմինն է թաղուած
Բայց կը բաբախէ հոս Սի՛րտը ցեղին,
Եւ Եռագոյնը թեւերով ծածան
Համբո՜յր կը ղրկէ ձեր սուրբ հոգիին:
Խաղաղութիւնը խախտած մեր հայրենիքին մէջ
Գոնէ դո՛ւք, ազգին մատաղներն անմեղ, ննջեցէք խաղաղ:
Քուն եղիր բալաս, ա՛լ թաքնուած չես,
Օրօր ու նանի
Հողիդ գիրկին մէջ քո՜ւնդ կը տանի:
Յունիս 2
Միացեալ Նահանգներ