Շաբաթ, 28 Մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը համալսարանականներու վարչութիւնը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, կազմակերպեց արեան տուչութեան արշաւ մը, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, մարդասիրական « Donnes Sang Compter » կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար: Մարդասիրական այս միջոցառումը տեղի կ’ունենար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութեան տակ:
Տուչութեան այս տարուան արշաւը կ’իմաստաւորուէր թուրք ծանօթ փաստաբան, գրող, մարդկային իրաւանց պաշտպան Ֆաթիհա Չեթինի մասնակցութեամբ: Արդարեւ, ընդառաջելով Հ.Ե.Ը-ի համալասարանականներու հրաւէրին, Ֆաթիհա Չեթին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Տեմիրճեան կեդրոն, ուր արեան տուչութեան մասնակցելէ ետք, ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն հետ եւ բարձր գնահատեց միութեան աշխատանքները: