Թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքըն յայտարարած է, որ չի կրնար այցելել Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Սպին» ֆիլմի պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը՝ վկայակոչելով Ahval գործակալութիւնը:
Բեմադրիչը երեք տարիէ արդէն Թուրքիա չէ այցելած` ֆիլմի ցուցադրութենէն ի վեր: Ըստ անոր, ֆիլմի նկարահանումէն ետք հասարակութեան մէջ ան կ՛ընկալուի որպէս «ազգի թշնամի»:
«Ես իսկապէս տխուր եմ, որ Թուրքիան կ՛ապրի ծանր ժամանակներ: Ատելութիւնը եւ ցեղապաշտութիւնը կը թունաւորեն ամբողջ երկիրը: Այս երկուքը արմատներ կը նետեն երկրին մէջ շատոնց : Ես թրքական ծագում ունեցող գերմանացի եմ, եւ ինծի միշտ թուացած է, որ ես հնարաւոր զոհ եմ», -ըսած է «Մոռացման մէջ» (In The Fade) ֆիլմի համար Golden Globe-ի մրցանակի արժանացած բեմադրիչը:
Ան տեղեկացուցած է, որ կ՛աշխատի հեռու մնալ Թուրքիայէն, եւ այս պահուն մտադրութիւն չունի այստեղ ֆիլմ նկարահանելու: «Եթէ նոյնիսկ ես նման մտադրութիւն ունենայի, հաւանաբար կը ձերբակալուէի»,- ըսած է ան: