Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ եթէ իրանեան նաւթը Լիբանան փոխադրուի, ապա անիկա նուէր է եւ պատժամիջոցներու ենթակայ չէ:
«Ամերիկացի պատասխանատուներու հետ հանդիպումներուս ժամանակ կատարուած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին հասկցած եմ, որ ինչ որ նուէր կը տրուի, պատժամիջոցներու չ՛ենթարկուիր: Հետեւաբար մենք կ՛ողջունենք իրանեան նաւթը, որուն շնորհիւ ելեկտրականութեան մատակարարման ժամերը կրնան աւելնալ», ըսաւ ան:
Ֆայեատ նշեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատած է, որ իրանեան նաւթը պէտք է Լիբանանի ելեկտրական ընկերութիւններուն համապատասխանող չափանիշները ամբողջացնէ, «որուն լոյսին տակ Ամանի առաջարկեց լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը կազմել եւ այցելել Թեհրան` քննարկելու համար նաւթին յատկանիշներն ու պահանջուած քանակը», ըսաւ ան:
Ֆայեատ յայտնեց, որ նախարարութիւնը կը գործակցի Ալճերիոյ կառավարութեան հետ` ապահովելու համար նաւթն ու ելեկտրականութիւնը: Ան նշեց Ալճերիա կատարուելիք այցելութեան մը հաւանականութիւնը` Լիբանանին յաւելեալ ելեկտրական հոսանք ապահովելու նպատակով: