Շաբաթ, 13 փետրուար 2021-ի երեկոյեան «Քորոնա» ժահրի դէմ «Ֆայզըր»-ի 28 հազար պատուաստ հասաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պատուաստը պաշտօնապէս ստանձնեց առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան` ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատի, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի պետական շտապի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրիի եւ առողջապահական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժիի:
Այս առիթով Հասան յայտնեց, որ ուրախութիւն է Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի յայտնուելէն տարի մը ետք ստանալ անոր պատուաստը:
«Հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, Լիբանանի կառավարութիւնը` հանրապետութեան նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին զօրակցութեամբ, կրցաւ իրագործել այս երազը: Պատուաստը պիտի հասնի լիբանանցի բոլոր քաղաքացիներուն անխտիր` վեր մնալով քաղաքական եւ համայնքային նկատառումներէն», ըսաւ ան:
Հասան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց նաեւ, որ հակառակ կասկածամտութեան եւ հսկայ խոչընդոտներուն` կարելի եղած է նպատակը իրականացնել` կատարեալ բծախնդրութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ:
«Պատուաստը «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու յաջող եւ հատու զէնք է, հետեւաբար պէտք է յաւելեալ աշխուժութեամբ արձանագրութիւններ կատարուին նախարարութեան տրամադրած ե-հարթակին` պահելով հանդերձ նախազգուշական բոլոր միջոցները», նշեց ան:
Իր կարգին, Ապտել Սամատ ըսաւ, որ պատուաստուիլը շատ աւելի ապահով է, քան` «Քորոնա» ժահրով վարակուելու վտանգներուն ենթարկուիլը:
Ապտել Սամատ յայտնեց, որ լրագրողները պիտի ըլլան պատուաստը առաջինը ստացողներէն, որովհետեւ անոնք առաջնագիծի վրայ պայքարող անյայտ զինուորներ են:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն դրուատեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստի Լիբանան ժամանումը` հաստատելով, որ այդ պատուաստին Պէյրութ հասնելով կը սկսի պատուաստումի արշաւը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ պատուաստումի արշաւը կարելի է յաջող կերպով կատարել, երբ քաղաքացիները փափաքին պատուաստը ստանալ: Ան աւելցուց նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ բոլոր նախազգուշութիւնները պէտք է շարունակել:
Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, անցնող 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 2130 նոր վարակուածներ եւ 32 մահացածներ:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը սկսաւ Պէյրութի պետական հիւանդանոցին, Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին եւ Սեն Ժորժ (Յունական) հիւանդանոցին մէջ: Նախ եւ առաջ պիտի պատուաստուին բժշկական անձնակազմերը` բժիշկներ եւ հիւանդապահներ, ինչպէս նաեւ 80 տարիքը բոլորած քաղաքացիները:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց` հետեւելու համար պատուաստումի արշաւի մեկնարկին:
«Այսօր հոս կը գտնուիմ գնահատելու համար բժշկական անձնակազմը եւ հաստատելու համար, որ դուք էք այդ անյայտ զինուորները, որոնք տարիէ մը ի վեր կը գտնուիք «Քորոնա» ժահրով վարակուածները փրկելու ծանր բեռին տակ: Դուք կատարեալ կերպով ստանձնեցիք ձեր պատասխանատուութիւնը եւ զոհողութիւններ մատուցեցիք, իսկ ոմանք նաեւ մահացան` այս վտանգաւոր ու մահացու համաճարակէն ուրիշին կեանքը փրկելու առաքելութեան ընթացքին: Հաւատարիմ մնալով պատուաստումի ազգային արշաւը կազմակերպող յանձնախումբին ճշդած ծրագիրին` ես այսօր պատուաստ պիտի չստանամ, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը ձեզի է` առողջապահական մարզին, որուն ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորուի, որպէսզի ան կարենայ շարունակել ժողովուրդը պաշտպանելու իր պատգամը: Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր», յայտնեց Տիապ:
Պատուաստումի արշաւի մեկնարկին մասնակցեցաւ լիբանանցի վաստակաւոր դերասան Սալահ Թիզանի, ծանօթ` իբրեւ «Ապու Սելիմ»:
Համատ Հասան յայտնեց, որ պատուաստումի արշաւը կառավարութեան իրագործած կարեւորագոյն քայլերէն մէկն է` աւելցնելով, որ ինք ներկայիս պիտի չպատուաստուի, որովհետեւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է եւ մաս կը կազմէ այն խաւին, որ վարակուելու ենթակայ չէ:
Հասան յայտնեց, որ պատուաստը նոր փուլ մըն է` «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարելու: Ան հաստատեց, որ պատուաստումի սկսած երկիրներուն մէջ մահուան պարագաներուն համեմատութիւնը նուազած է:
Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ պատուաստը ստանալէ ետք յայտնեց, որ առանց պատուաստի եւ հաւաքական դիմադրողականութեան ո՛չ առողջութիւն կայ, ո՛չ ալ տնտեսութիւն: «Պատուաստումը շինիչ է եւ ապահով. այս իրականութիւնը փաստուած է գիտութեամբ եւ գիտական ուսումնասիրութիւններով, իսկ աշխարհի վրայ 300 միլիոն մարդ արարած արդէն իսկ ստացած են պատուաստը», ըսաւ ան:
Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ գործը խօսքերէն աւելի կարեւոր է` յորդորելով բոլորին պատուաստուիլ եւ իրենք զիրենք պաշտպանել այս վտանգաւոր համաճարակէն: