Մարդասիրական ծառայութիւնը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ- Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան կարեւոր առաքելութիւններէն մին: Շաբաթ, 28 Մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը համալսարանականներու վարչութիւնը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, կազմակերպեց արեան տուչութեան արշաւ մը, Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, մարդասիրական « Donnes Sang Compter » կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար: Ծառայասիրական այս միջոցառումը տեղի կ’ունենար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի հովանաւորութեան տակ:
Տուչութեան այս տարուան արշաւը կ’իմաստաւորուէր թուրք ծանօթ փաստաբան, գրող, մարդկային իրաւանց պաշտպան Ֆեթհիյէ Չեթինի մասնակցութեամբ: Արդարեւ, ընդառաջելով Հ.Ե.Ը-ի համալասարանականներու հրաւէրին, Ֆեթհիյէ Չեթին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Տեմիրճեան կեդրոն, ուր արեան տուչութեան մասնակցելէ ետք, ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Հ.Ե.Ը-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն հետ եւ բարձր գնահատեց միութեան աշխատանքները:
Առաւօտեան ժամերէն, արտակարգ եռուզեր կը տիրէր Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մուտքին: Վարչականներ, միութենականներ, համալսարանականներ, գայլիկներ, սկաուտներ, համակիրներ, բոլորը պատրաստ՝ պարտականութեան: Օգտուելով յիշատակելի օրուան գնահատելի աշխատանքէն, համառօտ՝ ճեպազրոյցներ ունեցանք արեան տուչութեան արշաւին մասնակցող կամաւորներու հետ, զորս կը փոխանցենք մեր յարգելի ընթերցողներուն ուշադրութեան.
ՌԱՄԻ ՖԱՈՒԱԶ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԱՆԴԱՄ
- Ինչպիս՞ի տրամադրութեամբ ներկայ կը գտնուիք այսօրուան արեան տուչութեան:
= Ինծի համար արեան տուչութիւնը կարիքաւորներուն, վատառողջներուն ծանր պայմանները մեղմացնելու, անոնց օգնութիւն ցուցաբերելու մարդկային նուազագոյն պարտականութիւն մըն է: Մարդ արարածը պարտաւոր է օգնելու իր նմանին՝ մանաւանդ երբ Աստուծոյ մենաշնորհով ատակ է այդ կարելիութիւն:
- Հ.Ե.Ը-ի համալսրանականներուն կազմակերպած այս արշաւը ին՞չ նշանակութիւն ունի Ձեզի համար:
= Նախ կը շնորհաւորեմ, Հ.Ե.Ը-ի համալսարանականներու վարչութիւնը, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով մարդասիրական այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպելու առիթով: Զիս միաժամանակ ոգեւորեց այն երեւոյթը, որ դունք՝ հայերդ, մօտաւորապէս հարիւր տարիներ առաջ, խիստ ողբերգական պայմաններու տակ եկաք Լիբանան: Շնորհիւ Ձեր աշխատասիրութեան, զարգացաք, դիրքերու հասաք եւ մեծ ներդրում ունեցաք Լիբանանի բարգաւաճումին: Այսօր դուք վերածնունդի խորհուրդով արիւն կու տաք ուրիշներու: Գիտեմ, որ այս տարի հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ իր դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Այս տխուր տարելիցին առիթով, առաւել կ’իմաստաւորուի Հ.Բ.Ը.Մ -Հ.Ե.Ը համալսարանականներու վարչութեան նախաձեռնութեամբ արեան տուչութեան արշաւը:
ԿԵՐԻ ՖԵԹԷԼ՝ Հ.Ե.Ը ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ
- Վստահաբար Ձեզի պարզ է այսօրուան խորհուրդը:
= Եկած ենք քաջալերելու Հ.Բ.Ը.Մ- Հ.Ե.Ը համալսարանականներու գնահատելի այս միջոցառումը: Արեան տուչութիւնը մէկէ աւելի տարբեր իմաստ ունի ինծի համար: Նախ՝ նպաստած պիտի ըլլանք մէկ այլ անձի մը փրկութեան: Երկրորդ, օգնութիւնը եւ ծառայութիւնը եղած է մեր սիրելի միութեան կարեւոր նշանաբաններէն մէկը: Սիրայօժար կը մասնակցիմ տարին մէկ անգամ տեղի ունեցող այս նախաձեռնութեան:
ԱՐԱ ՏԱԳէՍԵԱՆ՝ Հ.Ե.Ը ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ
- Ձեր տպաւորութիւնները պիտի փափաքէինք,որ փոխանցէիք այսօրուան նախաձեռնութեան մասին:
= Այս տարի եւս, անցեալ տարուան նման, եկած ենք քաջալերելու մեր համալսարանականներուն: Այս տարի եւս պիտի փափաքիմ մեր երիտասարդներուն յիշեցնել, թէ Ցեղասպան թուրքը ծրագրած էր, ոչ մէկ հայ ողջ պահել երկրագունդին վրայ: Իսկ այսօր, մենք ոչ միայն կ’ապրինք, այլ՝ արիւն կու տանք, ուրիշներուն, որպէսզի անոնք եւս ապրին: Հարիւր տարի անցած է մեր ժողովուրդին մեծ բոլորած արհաւիրքէն, բայց մենք տակաւին կը գոյատեւենք եւ պատրաստ ենք ձեռք երկարելու բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն մեր օժանդակութեան: Մենք,կ’ապրինք ու կը շարունակենք մեր կեանքը, իսկ Ցեղասպանին պարագային, չեմ գիտեր: Դժբախտաբար իրենք շատ կը հպարտանան իրենց անցեալով, երանի անոր որ թուրք է՝ կ’ըսեն…: Իսկ մենք կը պատասխանենք՝ վա՜յ անոր որ թուրք է…: Ին՜չ երանութեան մասին կրնայ ըլլալ խօսքը, երբ ազգ մը բնաջնջելու ելան…:
ՐԱՖՖԻ ՔԱՄԱՔԵԱՆ՝ Հ.Բ.Ը.Մ-Ի ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ
- Ինչո՞ւ յատկապէս այսօր կ’այցելէք Հ.Բ.Ը.Մ-ի Տեմիրճեան կեդրոնը:
= Եկած եմ որպէսզի արիւն տամ, փորձեմ բաւարարել կարեկիցի մը կարիքներուն:Այս մէկը նուազագոյն պարտականութիւնն է, որ իր ազգին կրնայ մատուցել իւրաքանչիւր հայ:
ԿԵՐՐԻ ՆԱԶԱՐԵԱՆ՝ Հ.Բ.Ը.Մ-Ի ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ
-Արեան տուչութեան այս արշաւը ին՞չ նշանակութիւն ունի Ձեզի համար:
=Հ.Բ.Ը.Մ- Հ.Ե.Ը-ի հաւատարիմ անդամ մըն եմ: Իմ կարծիքով մենք պէտք է աւելին տանք մեր մայր հայրենիքին: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով արեան տուչութեան այս արշաւը նուազագոյնն է,որ կրնանք կատարել մեր հայրենիքին:
- Նախապէս մասնակցա՞ծ էք Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը –ի համալսարանականներու այս արշաւին:
= Ոչ, այս մէկը առաջինն է: Սակայն, յետ այսու աւանդութիւն պիտի դառնայ ինծի համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, մեր երիտասարդ- երիտասարդուհիներուն, իրենց բծախնդիր աշխատանքին առիթով եւ կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ:
ԿԱՐՕ ՃՂԸԼԵԱՆ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ, Հ.Ե.Ը-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ
- Ձեր վարած պաշտօնները մեզի կը համոզեն, որ մէկէ աւելի առիթներով մասնակցած էք արեան տուչութեան արշաւներու:
= Այո, մանաւանդ երբ այսպիսի ազգասիրական եւ բարեսիրական առիթներ ներկայանան: Անկեղծ ըլլալու համար, Հ.Բ.Ը.Մ- Հ.Ե.Ը համալսարանականներուն կազմակերպած այս տարուան արեան տուչութեան արշաւը խթանիչ պատճառ մը եւս ունի իր մէջ: Ան կը զուգադիպի հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Կը խորհիմ, թէ իւրաքանչիւր հայ պարտական պիտի զգայ մասնակցելու նմանօրինակ արշաւներու: Հայ ժողովուրդը ուր որ ալ գտնուի, պատրաստ է իր արիւնով օգնութեան հասնելու բոլորին:
ԳԱՐԻՆ ԳԱԼԻՆՃԵԱՆ՝ Հ.Բ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ
- Արդէն աւանդութիւն դարձած է արեան տուչութեան արշաւը:
= Այո, երկրորդ տարին ըլլալով կը նախաձեռնենք արեան տուչութեան արշաւը: Պիտի շարունակենք նաեւ ապագային: Մեր վարչութիւնը միաժամանակ նպատակայարմար գտաւ օտար շրջանակներ եւս ներգրաւելու մեր արշաւին: Ճիշդ այս պատճառով կապուեցանք « Donnes Sang Compter» կազմակերպութեան հետ:
Ինչպէս կը տեսնէք, մարդասիրական այս կազմակերպութեան բժիշկները մեզի հետ են այսօր: Արեան տուչութեան համար Տեմիրճեան կեդրոն ժամանող իւրաքանչիւր քաղաքացի պարտադիր է, որ բժշկական թուղթ մը լրացնէ եւ միայն բժիշկներու թելադրութեամբ առիթ պիտի ունենայ տալու արիւն: Մենք բոլորս, ինչպէս նաեւ՝ « Donnes Sang Comper »ի ծառայողները կամաւորներ ենք: Միաժամանակ ուրախ ենք, որ այս միջոցառումին համար ունեցանք երեք հովանաւոր՝ «Գլեսիք Պըրկըր»ը՝ կը հայթայթէ բոլոր ճաշերը, «Տանքին Տոնաց»ը եւ Աղասարգիսեան հաստատութիւնը:
Մենք, մեր ուժը դրած ենք երիտասարդութեան վրայ: Ուրախ ենք, որ մեծ թիւով երիտասարդ- երիտասարդուհիներ անսացին մեր կոչին:
- Ին՞չ տրամադրութեամբ կը մասնակցիք այսօրուան արշաւին:
= Բաւական յուզումնախառն : Մեր մեծ հայրերը արիւն կորսնցնելով մահացան, իսկ մենք արիւն տալով կը փրկենք ուրիշներու կեանքը:
- Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն:
Օրուան վերջաւորութեան, «Donnes Sang Compter»ի պատասխանատուները յայտնեցին, թէ հանգանակուած արիւնով կարելի եղած է փրկել 177 կեանք:
Ապրի’ք ՀԲ.Ը.Մ-Հ.Ե.Ը-ի համասլսարանականներու վարչութեան անդամներ: