Լոս Անճելըսի «Քօտաք» թատրոնին մէջ աւարտեցաւ ֆիլմարուեստի ամենամեայ «Օսքար» մրցնակաբաշխութեան 86-րդ արարողութիւնը:
Լաւագոյն դերասանի Օսքար մրցանակին արժանացաւ Մեթիու Մակքոնահին՝ «Տալաս Պայըրզ Գլապ», լաւագոյն դերասանուհիի Օսքարին տիրացաւ Քէյթ Պլանչէթը՝ «Պլու Ճասմին»: Լաւագոյն ժապաւէնի Օսքարին արժանացաւ Սթիվ Մաքուինը «12 Եյըրզ Սլէյվ» ժապաւէնը: Լաւագոյն օգնական (երկրորդական) դերասանի Օսքարի մրցանակը ստացաւ Ճարետ Լեթօն «Տալաս Պայըրզ Գլապ»: Լաւագոյն օգնական դերասանուհիի օսքարը ստացաւ Լուպիթա Նիոնկօն «12 Եյիրզ Սլէյվ»:
Լաւագոյն բեմադրիչի Օսքարը շնորհուեցաւ մեքսիքացի բեմադրիչ Ալֆոնսօ Քուարօնին «Կրեվիթի»:
Լաւագոյն նիւթի Օսքար մրցանակը ստացաւ Սփայք Լի՝ «Հըր»: Լաւագոյն կենդանի ժապաւէնի Օսքար մրցանակը ստացաւ «Ֆրոզըն»:
Լաւագոյն աշխատանքի Օսքարը ստացաւ «Կրեվիթի», լաւագոյն երաժշտութիւն՝ «Կրեվիթի», լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն « 20 Ֆիթ Ֆրամ Սթարտըմ», լաւագոյն օտար ժապաւէն « Տը Կրէյթ Պիութի », լաւագոյն կարճամեթրաժ կենդանի գծանկար ժապաւէն « Մըսթըր Հիւպլօ », լաւագոյն կարճամեթրաժ ժապաւէն « Հելիում », լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերական ժապաւէն« Տը Լէյտի Ին Նամպըր Սիքս» , լաւագոյն տարազ « Տը Կրէյթ Կեցպի», լաւագոյն երգ « Լէթ Իթ Կօ – Ֆրոզըն», լաւագոյն «Տը Կրէթ Կեցպի»
Ընդհանուր առմամբ, «Կրեվիթի» շահեցաւ եօթ Օսքար մրցանակ, «12 Եյիրզ Է Սլէյվ» երեք մրցանակ, «Տալաս Պայըրզ Գլափ» երեք մրցանակ, «Ֆրոզըն»՝ երկու, «Տը Կրէյթ Կեցպի» ՝երկու:
Հանդիսութիւնը վարեց դերասանուհի Էլէն Տըճեներէսը: