Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանը 27 ապրիլ 2020-ին հարստացաւ հանրածանօթ բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի արխիւներովը:
Նախագահ Վեր. Հայտոսթեանի ուղղուած նամակին մէջ, ի միջի այլոց, կը գրէ. «1997-ի գարնան երբ Լիբանան տեղափոխուեցայ, հայագիտական գրադարանը հանդիսացաւ երկրորդ տունս: Իսկ այդ թուականէն ետք պատրաստած Ֆիլմերուս համար մեծապէս օգտուեցայ Հայագիտական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն: Աւելի՛ն, Պէզճեան գերդաստանը 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ըլլալով նոյնիսկ հիմնադիրներէն Այնթէպի Գոլէճին»:
Բեմադրիչը իր արխիւները Հայկազեան Համալսարան յանձնելով կը յուսայ, որ սփիւռքատարած հայագիտական կեդրոններ յաւելեալ ճիգ թափեն հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու արխիւները իրենց յարկերէն ներս համատեղելու: