«Նկատի ունենալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին աշխատանքային աշխուժ ընթացքը, ապա կարելի է ըսել, որ «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակը կրնայ որեւէ ատեն հասնիլ Լիբանան: Ասիկա անխուսափելի է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարելի չէ իմանալ «Տելթա» տարբերակին Լիբանան հասնիլը, որովհետեւ ժահրերու շարժումներուն հետեւող ծրագիրներ չկան:
Ապիատ հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին առումով Լիբանան ապահով երկիր մը չի նկատուիր, իսկ Լիբանանի մէջ վարակուածներու թուաքանակին նուազումը չի նշանակեր, որ «Քորոնա» ժահրը վերջ գտած է: «Այս ժահրը կրնայ կերպարանափոխուիլ եւ աւելի արագ տարածուող տարբերակներու վերածուիլ», ըսաւ ան:
Ապիատ հաստատեց, որ այս ժահրով վարակուելու իբրեւ արդիւնք անհատի մը դիմադրողականութիւնը կրնայ 6-9 ամիս տեւել:
Ապիատ շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան հաստատումով Լիբանանի մէջ հաւաքական դիմադրողականութեան համեմատութիւնը 40-50 առ հարիւրի միջեւ կը տարուբերի` «Քորոնա» ժահրով վարակուելու եւ պատուաստուելու իբրեւ արդիւնք:
Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն պատուաստումի համեմատութիւնը հասած է 25 առ հարիւրի:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոճայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած կատարեալ զգայուն իրավիճակը կը ստիպէ զայն ուղղուելու դէպի բարեկամ երկիրներ, որոնցմէ է Թուրքիան, որ կը յատկանշուի իր որակաւոր դեղորայքով եւ բժշկական սարքերով:
Հասան յայտնեց, որ Սայտայի մէջ հիմնուած թրքական հիւանդանոցին բանեցման անձամբ կը հետեւի վարչապետի պաշտօնակատարը` աւելցնելով, որ անիկա կը ծառայէ իբրեւ հարաւային Լիբանանի պատուաստումի կեդրոն:
Համատ Հասան այցելեց Անգարայի կառավարական հիւանդանոցը եւ շրջեցաւ անոր տարբեր բաժանմունքներուն մէջ: