Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ մահացած ՀՀ ժողովրդական արթիստուհի ֆլորա Մարտիրոսեանի աճիւնը, այնուամենայնիւ, պիտի տեղափոխուի Հայաստան: Այս մասին news.am-ի թղթակիցին յայտնած է երգչուհիի անձնական գործակատարւ Արթուր Յովհաննիսեանը:
Ան յայտնած է, որ այս պահուն դեռ վերջնական որոշում չկայ. հիւպատոսին հետ Ֆլորա Մարտիրոսեանի ընտանիքը կը քննարկէ հարցը: Հարցումին, թէ յստակ ի՞նչ հարցեր կը քննարկուին հիւպատոսին հետ, Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ կը քննարկին ինչպէս աճիւնի տեղափոխման, այնպէս ալ յուղարկաւորութեան վայրի հարցը: Վերջնական որոշումը պիտի կայացուի երկու օր ետք:
Յիշեցենք, որ Ֆլորա Մարտիրոսեան մահացաւ 20 Նոյեմբերին` ԱՄՆ-ի մէջ, լեղապարկի վիրահատութենէ ետք յառաջացած բարդութիւններէն: Ան 55 տարեկան էր: