Հեղինակաւոր «Ֆորպզ» թերթի ռուսական խմբագրութիւնը ներկայացուցած է «Ռուսական անշարժ գոյքի արքաները-2018» վարկանշային աղիւսակը՝ բացայայտելով, թէ գործարարները մէկ տարուան ընթացքին որքան վաստկած են՝ իրանց կալուածներու տարածքները վարձու տալու միջոցով:
Ցանկը կը գլխաւորեն «Կիեւսկայայ Պլոշչատ»ի սեփականատէրեր Զարահ Իլիեւը եւ Կոտ Նիսանով, որոնք մէկ տարուան վարձակալութեան միջոցով աւելի քան 1.5 միլիառ տոլար վաստկած են: Վարկանշային աղիւսակին մէջ ներառուած են 30 անձեր, որոնց շարքին են հայ գործարարներ Սամուէլ Կարապետեան, Գագիկ Ադիբեկեան եւ Ռուբէն Վարդանեան: Մեր հայրենակիցներուն շարքին լաւագոյն արդիւնքը ունեցած է Սամուէլ Կարապետեան, որ ներառուած է առաջին եռեակին մէջ՝ 650 միլիոն տոլար ցուցանիշով: Ադիբեկեան եւ Վարդանեան զբաղեցուցած են 28րդ հորիզոնականը: Անոնց RD Group-ը մէկ տարուան ընթացքին վարձակալութեան շնորհիւ վաստկած է 65 միլիոն տոլար:
Նախապէս սոյն ընկերութիւնը կը պատկանէր միայն Ադիբեկեանին: Սակայն Դեկտեմբեր 2013ին, «Թրոյքա Տիալոկ» ընկերութեան նախկին սեփականատէր Ռուբէն Վարդանեան դարձաւ Romanov Property Holdings (RPH) ուղիղ ներդրումներու հիմնարկի համաներդրող: Այդ գարծարքին իբրեւ արդիւնք՝ Վարդանեան ստացաւ RD Group–ին պատկանող հիմնարկի բաժնետոմսերուն 50 տոկոսը:
Այժմ RD Group-ը Վարդանեանի հիմնարկին հետ կը հանդիսանայ առաւել քան 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ առեւտրական անշարժ գոյքի սեփականատէր:
Աղբիւրը կը նկատէ, որ Գագիկ Ադիբեկեան Մոսկուայի անշարժ գոյքի շուկայի ամենաառեղծուածային դէմքերէն մէկն է: Ան 1997ին, Մոսկուայի կենդրոնը վերակառուցեց «Ռոմանով Տվոր» ժամանակակից առեւտրական կեդրոնի առաջին շարքը: Սակայն յայտնի չէ, թէ նախքան այդ ան ինչով զբաղած էր:
Ստորեւ՝ այս տարուան վարկանշային աղիւսակի առաջին 5 հորիզոնականները.
- Զարահ Իլիեւ, Կոտ Նիսանով, «Կիեւսքայա Փլոշչատ», մէկ տարուան ընթացքին՝ 1.535 միլիառ տոլար.
- Ինգվար Կամպրատ, «IKEA Մոս», 840 միլիոն տոլար.
- Սամուէլ Կարապետեան, «Տաշիր», 650 միլիոն տոլար.
- Միխայիլ Յուցերիեւ, Սայիտ Սալամ Գուցերիեւ, «Սաֆմար», 600 միլիոն տոլար.
- Արազ Աղալարով, «Crocus Group», 370 միլիոն տոլար:
«ՊԼՈԿՆԻՈՒԶ»
Blognews.am