Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Յարութեան տօնին առիթով իր տարեկան «Քաղաքին եւ աշխարհին» ուղերձի ընթացքին անդրադարձած է տագնապներու լուծման, շրջանային լարուած իրավիճակներուն, սպառազինութիւններու մրցավազքին ու համաճարակի դէմ պայքարին, խոցելի խումբերու, ընկերային պաշտպանութեան եւ երիտասարդութեան:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, Ֆրանչիսկոս պապը իր ուղերձին մէջ խօսած է գերեվարուածներու հարցին մասին` ընդգծելով. «Թող որ Ան (Աստուած) արտօնէ պատերազմի գերեվարուածներուն, յատկապէս, արեւելեան Ուքրանիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որպէսզի անոնք ապահով վերադառնան իրենց ընտանիքներուն, եւ թող Ան ոգեշնչէ համաշխարհային ղեկավարները` սանձելու նոր զէնքերու մրցավազքը»: