Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդը, 17 Փետրուարին, պիտի ունենայ ֆրանսահայ համայնքի ընթրիքը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան։ Ըստ անոր, ընթրիքին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, փարիզեան շրջանի մարզպետը եւ տասնեակ երեսփոխաններ, ծերակոյտի անդամներ եւ այլ նշանաւոր անձնաւորութիւններ: Այս ընթրիքին կը մասնակցին բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ այլ համայնքներէ` իսլամներ, եզիտիներ, ասորիներ եւ այլն, նաեւ` տարբեր երկիրներու դեսպաններ, մօտաւորապէս 480 հոգի:
Մուրատ Փափազեանի համաձայն, գաղութին տարեկան այս ընթրիքը շատ մեծ քաղաքական «ժամադրութիւն» է, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ բոլորին փոխանցել իրենց քաղաքական պատգամը: «Այս տարի մենք որոշած ենք մեր պատգամը կեդրոնացնել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման, անկախութեան հարցին շուրջ, որպէսզի նախագահ Մաքրոնը եւ բոլորը գիտակցին, որ սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը Արցախի ժողովուրդին կողքին են: Մենք հիմնականօրէն ասոր վրայ պիտի դնենք շեշտը», յայտնած է ան:
Մուրատ Փափազեան նշած է, որ հիմա արցախեան տագնապին առնչութեամբ դրական ազդակներ չեն հասնիր իրենց: «Այդ ազդակները այն մասին են, որ կրնան զիջումներ ըլլալ, որ բաւական մեծ ճնշում կը բանեցուի Հայաստանի վրայ: Դժուար եւ մտահոգիչ լուրեր կը հասնին մեզի, եւ մենք նկատած ենք, որ արդէն ժամանակն է ցոյց տալու, որ հայ ժողովուրդը միասնական է Արցախի հարցին շուրջ, եւ անիկա մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ առաջին դիրքին վրայ է», ըսած է ան:
Նախագահ Մաքրոնի հետ, ըստ Մուրատ Փափազեանի, արդէն քննարկուած են ընթրիքին մանրամասնութիւնները, թէ` ի՛նչ նիւթեր պիտի քննարկուին: Գաղութը նախագահէն կ՛ակնկալէ, որ ան Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի օրացոյցին մէջ յայտարարէ իբրեւ պաշտօնական օր, նաեւ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ նոր օրէնք ունենալու վերաբերեալ իր արձագանգը ներկայացնէ:
«Երրորդ հարցը կը վերաբերի Արցախին: Անշուշտ, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը ԵԱՀԿ-ի համանախագահներ են, բայց մենք կ՛ուզենք, որ Ֆրանսա աւելի ազդեցիկ դեր խաղայ արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան` նկատել տալով, որ Ֆրանսայի ազդեցութեան ուժեղացումը Հայաստանի համար կրնայ դրական նպաստ բերել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:
Խօսելով ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին` Մ. Փափազեան նշած է, որ գաղութը միշտ օժանդակած է Հայաստանի դիւանագիտութեան: «Մենք կապի մէջ ենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, կ՛աշխատինք Հայաստանի դեսպանութեան հետ, որպէսզի կարենանք մեր դերը խաղալ Հայաստանի զարգացման մէջ», աւելցուցած է ան:
Հայ համայնքի ընթրիքէն ետք, Մուրատ Փափազեանի համաձայն, իրենց համար լաւագոյն արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ նախագահ Մաքրոն կատարէ իրենց վերոնշեալ ցանկութիւնները: «Մենք նաեւ կը փափաքինք, որ Ֆրանսան ընդունի, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի համանախագահ երկիր, զէնք չվաճառէ Ազրպէյճանին: Ֆրանսան պէտք է խուսափի Ազրպէյճանին զէնք վաճառելէ, որովհետեւ կարելի չէ բացառել, որ ֆրանսական զէնքերը օգտագործուին Արցախի ժողովուրդին դեմ: Պէտք է նախագահ Մաքրոն նաեւ մեզի խօսք տայ, որ Ֆրանսան 2019 թուականին ամէն ինչ պիտի ընէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի Արցախի մէջ, եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովուի, Արցախի ճանաչումը, անկախութիւնը դառնան օրակարգի կարեւոր մաս», եզրափակած է Փափազեան: